Օգոստոս ամիսն էր, բայց կ’անձրեւէր։ Ոմանք իրենց գլուխը վերարկուով ծածկեցին ու իջան հանրակառքէն՝ յիշատակելի նկար մը առնելու: Ուրիշներ այդ բնական երեւոյթէն պաշտպանուիլ չուզեցին ու գլխաբաց իջան։ Բոլորս հաւաքուեցանք ցուցանակին մօտ, մեծամասնութիւնը տեղացող անձրեւէն թրջուելով յօնքերը կիտած: Խմբովի լուսանկար մը ունեցանք ու կրկին բարձրացանք ճամբան շարունակելու համար։ Բարձրաբերձ ու կանաչապատ լեռները, մերթ ընդ մերթ երեւցող հիւղակներն ու տնակները եւ ընդհանրապէս լեռնային ու գիւղական կեանքի պարզունակութիւնը կը ստիպէին, որ անյագօրէն դիտես այդ բոլորը ու պահ մը համոզուիս, որ մարդիկ այստեղ կեանքը ուրախ ապրելու գաղտնիքը անոր պարզութեան մէջ գտած են։
Կը հասնինք Ստեփանակերտ, ուր հիւրանոցի մը մէջ պիտի իջեւանէինք այդ երեք օրերը։ Երեւանի ու Ստեփանակերտի հիւրանոցներուն միջեւ անպայմա՛ն տարբերութիւններ կային, սակայն իւրաքանչիւրը ունէր իր յատկութիւնները, զորս չունէր միւսը, եւ այդ երկուքը յաջորդաբար տեսնելը առիթ կու տար մտածելու… Այդ տարբերութիւնները հիւրանոցի կահոյքի՞ մասին են։ Ոչ… Օժտուած սարքերուն ու արդիականութեա՞ն մասին։ Բնա՛ւ… Խօսքը այս բոլորէն եւ հիւրանոցէն ալ դուրս է… Երեւանի հիւրանոցի պատուհաններէն դուրս երբ նայէի, կը տեսնէի չորս դին բարձրացող բարձր ու շքեղ շէնքեր, որոնք հորիզոնը կը փակէին ու կը ստիպէին դիտողը անոնցմէ անդին բան չտեսնէ։
Այստեղ, սակայն, իրավիճակը բոլորովին տարբեր է։ Հիւրանոցի պատուհաններէն դուրս կ’երեւին կրաղիւսէ պատուած համեստ շէնքեր, որոնց յարկերուն պատշգամներէն կը ցցուին ճոպաններ, որոնք կ’երկարին մինչեւ դիմացի շէնքը։ Այդ ճոպաններուն վրայ էր, ուր արցախցիք իրենց առօրեայ լուացքը կը փռէին, իսկ անոր հոտը կը բուրէր ամէն անգամ որ սենեակին պատուհանները բանալու ըլլայինք։ Հիւրանոցը ունէր նաեւ իր յատուկ բացօթեայ պարտէզը։ Բան մը, որ Երեւան մայրաքաղաքի հիւրանոցը չէր կրնար ունենալ։ Այնտեղ էր, ուր պիտի հաւաքուէինք ամէն գիշեր ու անցընէինք մեր ընկերային ջերմ պահերը։ Երեք օր ունէինք։ Թանգարաններ եւ կարգ մը պատմամշակութային վայրեր այցելելէ ետք, կարգը հասած էր Շուշիին։ Պէտք էր բարձրանայինք այլեւս։
Յաջորդ կայարանը՝ Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին էր։ Կը հասնինք, գմբեթը արդէն կ’երեւի պատուհանէն, բայց հանրակառքին զար ի վերի վրայ կեցած ըլլալը տեսողութիւնս կը խանգարէ։ Կ’իջնեմ։ Կը կենամ։ Կը դիտեմ… Ո՜հ, այս է ուրեմն։ Բթամատի չափով նկարը, որ քարտէզին վրայ էր երէկ՝ մեր ակումբին մէջ, այսօր դէմս է «միսով ու ոսկորով». անոր մէջ երեւցող եկեղեցւոյ դիմաց կանգնած եմ արդէն:
Կեդրոնական դիրք գրաւած է եկեղեցին: Չորս դին սալայատակուած արահետները կ’ուղղուին դէպի իրեն՝ բերդին։ Բերդը… Չէ՞ որ ինքն էր, որ ռմբակոծուեցաւ զինապահեստանոց ըլլալուն պատճառով։ Չէ՞ որ այստեղ էր, ուր տօնեցին «հարսանիքը»։ Կարելի չէ պահ մը կենալ անոր դիմաց ու չհիանալ։ Կարելի չէ զայն տեսնել ներկային մէջ՝ առանց անոր անցեալի վիճակը աչքերուդ դէմէն անցընելու… անցեալին, երբ եկեղեցին կիսաքանդ վիճակի մէջ էր, ազատամարտիկներ, զէն ի ձեռին, յաղթանակի այդ պահը կ’անմահացնէին ու իրենց պատմական լուսանկարը կ’առնէին։
Եւ ահա, մեզ դիմաւորեց եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցող քահանայ հայրը ու ծանօթացուց եկեղեցւոյ բաժիններուն: Ամենահետաքրքրականը անոր նկուղանման մէկ բաժինն էր, որուն կեդրոնը կենալով ու խօսելով այնքան սուր արձագանգ մը կը լսէիր, որ սրտիդ տրոփիւնն անգամ կը զգայիր։
Յիշատակելի քանի մը նկար եւ յուշանուէրներ առնելէ ետք, դուրս ելանք հոնկէ։ Փողոցները շրջելու ու ժողովուրդին հետ շփուելու, անոնց առօրեային ծանօթանալու առիթն իսկ չունեցանք: Ծրագիրը խճողուած էր ու պէտք էր շարունակուէր։ Օդը ամպոտ էր, բայցեւայնպէս՝ լուսաւոր: Հոգեկան գոհունակութեամբ մը բարձրացայ հանրակառք։ Շուշի առաջին այցելութիւնս այսպէս վերջ գտաւ, Ղազանչեցոցով սկսաւ ու իրմով վերջացաւ։ Հիմա ինծի համար Շուշին Ղազանչեցոցն էր։ Ես անորմէ միայն այդ տեսայ։ Ե՞րբ կու գամ անգամ մըն ալ։ Ե՛րբ կու գամ, պայման չէ, բայց կու գա՞մ: Անպայմա՛ն կու գամ։
Մնաս բարով, ցտեսութիւն, «Անառի՛կ ամրոց, հպա՛րտ իմ Շուշի»…:
Քրիստ Խրոյեան