Հովանաւորութեամբ Հալէպի Եկեղեցիներու Համայնքապետներու Խորհուրդին, Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոգեպարար արարողութեամբ յիշատակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը, բնաբան ունենալով Առաքեալներու Գործերու 28-րդ գլխու առաջին համարը. «Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ»:
Արարողութեան ներկայ էին Հալէպի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքներ ներկայացնող հաւատացեալներ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով:
Ողջոյնի խօսք փոխանցեց Հայ Առաքելական հիւրընկալող Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան յայտնելով, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին յաջորդող քրիստոնէական եկեղեցիներու միասնական աղօթքի շաբթուան մէջ համայնքապետները համախմբուած են աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով խաղաղ եւ օրհնաբեր օրեր սուրիական հայրենիքին եւ սուրիական բանակին:
Սրբազան Հայրը նշեց, որ աշխարհայնացումի եւ արհեստագիտութեան զարգացման այս օրերուն քրիստոնեաները կը դիմագրաւեն զանազան մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է Յիսուս Քրիստոսի ապաւինիլ:
Սրբազան Հայրը մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի վկայութիւնը, որ կը հաստատէ թէ քրիստոնէական եկեղեցին մէկ է հակառակ բոլոր դարերու վերիվայրումներուն:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դպիրներէ բաղկացած երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Իսկէնեանի մատուցեց «Լոյսը», «Ով Զարմանալի», «Այսօր Ձայնն Հայրական» եւ «Մեծացուսցէ» շարականները:
Հաւատացեալները միասնական կերպով արտասանեցին Հաւատոյ Հանգանակը եւ զանազան հոգեթով աղօթքներ:
Շարականներ երգուեցան նաեւ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Ղուկասու Աւետարանի 12-րդ գլխու 22-34 համարները ընթերցեց Արաբ Աւետարանական Համայնքի Առաջնորդ Հայր Իպրահիմ Նսէյր: Հուսկ, միասնական աղօթքի արարողութեան խորհուրդը փոխանցեց Քլտան Համայնքի Առաջնորդ Հայր Անթուան Օտօ, որ օրուան բնաբանէն մեկնելով պարզաբանեց աստուածաշնչական դրուագը, դիտել տալով, թէ ինչպէ՛ս խորտակուած նաւուն անդամները փրկութեան արժանի դարձան: Ան թուեց Աստուածաշունչի այն բոլոր հատուածները, որոնց մէջ նաւը յիշուած է որպէս փրկութեան խորհրդանիշ, յիշելով Նոյ Նահապետի եւ իր ընտանիքին փրկութիւնը, Յովհան մարգարէի Նինուա հասնիլը, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն փոթորիկը դիմագրաւելը հասնելով մինչեւ Պօղոս առաքեալի վերջին ճամբորդութեան ընթացքին նաւու խորտակումէն փրկուիլը: Ան մասնաւորապէս յայտնեց, որ Հայ Եկեղեցին պէտք է հպարտ զգայ իր Արարատ ու Մասիս լեռներով, ուր հաստատուած է ջրհեղեղէն փրկուած Նոյ նահապետի տապանը:
Այնուհետեւ, ան օրուան աստուածաշնչական հատուածը լուսարձակի տակ առնելով մատնանշեց քրիստոնեայ մարդուն վարքը բնորոշող երեք հիմնական կէտեր. ա- Ընկերասէր եւ հիւրընկալ ըլլալ իր նմանին հանդէպ: Բ-Աստուածային իմաստութիւն ունենալ: Գ- Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հաշտարար ոգի ունենալ:

Արարողակարգը վերջ գտաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով:
Աւարտին, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս համայնքապետները խորհրդակցելով մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան: