Իմ իտէալն է գերմանացի գիտնական Ալպէրթ Այնշթայնը։ Ոչ միայն որովհետեւ բնագիտութեան նիւթը կը սիրեմ, այլ նաեւ ինծի կը զարմացնէ անոր կամքը։ Ան մինչեւ հինգ տարեկան չէր կրնար խօսիլ, նոյնիսկ իր մայրը զինք ապուշ կը կարծէր։ Ան ձախողած էր նախակրթարանի թուաբանութեան քննութեան մէջ։ Բայց հակառակ այդ բոլորին ան աշխատեցաւ եւ կրցաւ աշխարհի ամէնէն խելացի մարդը նկատուիլ։
Այս կեանքին մէջ շատ կարեւոր է կամք ունենալը, որովհետեւ առանց կամքի չես կրնար ուզածիդ հասնիլ։ Այնշթայն անտեսեց իր ձախողութիւնները եւ չձգեց, որ անոնք կասեցնեն իր զարգացումը։ Ձախողութիւններով սահմանափակուիլն ու անոնցմէ վախնալը մարդկային ամենամեծ տկարութիւններէն մէկը կը համարուի եւ կրնայ պատճառ դառնալ աւելի մեծ ձախողութիւններու։
Ալպերթ Այնշթայնին անունը յիշելով կը ներշնչուիմ եւ կամքս կը զօրանայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ զինք ընտրած եմ որպէս իտէալ։
Գօգօ Ղարիպեան
Ժ. Կարգ
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան