Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Պաղեստինի Ազգային իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:
Հայաստանի նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Պաղեստինի Ազգային իշխանութեան նախագահին, կառավարութեան` Հայ Եկեղեցւոյ համար ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն համար: Ան յայտնած է, որ Սուրբ Ծննդեան տաճարին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ տնօրինուող հատուածը ոչ միայն պատմութեան, քրիստոնէութեան մասնիկն է, այլ նաեւ Հայաստանի մասը, հայ մշակոյթի, ժառանգութեան մասը, եւ ամենակարեւորը` հայ եկեղեցւոյ մասն է: «Շնորհակալ ենք հայկական հոգեւոր-պատմական ժառանգութեան, քրիստոնէական արժէքներու պահպանումին համար ձեր աջակցութեան», ըսած է նախագահ Սարգսեան: