«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 24 Յունուար 2020-ին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներն ու զանոնք կարելի եղածին չափ արագ լուծելու
կարեւորութիւնը:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հակառակ որոշ դիտողութիւններու, պէտք է առիթ տալ նորակազմ կառավարութեան եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին, տնտեսական ու ընկերային իրավիճակին լուծումներ գտնելու:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով ազգային միաձուլման մէջ լիբանանցի երիտասարդութեան դերակատարութեան ուժեղացումը: