Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Իտլոպի հարաւային արուարձանի Մաարէթ Նոհման գիւղին մէջ կայք հաստատած “Ճապհաթ ալ Նուսրա” ահաբեկչական խմբաւորման եւ անոր ենթակայ ահաբեկիչներուն դէմ բուռն մարտեր մղելէ ետք, իր վերահսկողութեան տակ առած է Սամաքէ, ալ Թահ եւ Տէր գիւղերը։ Իտլիպի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցուց, որ սուրիական բանակը ահաբեկիչներուն ծանր հարուածներ ուղղած է։