Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ սուրիական բանակին զինուորական գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան ժողովուրդին կոչերուն հիման վրայ, որպէս հակադարձութիւն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու բռնարարքներուն։
 
Նախարարութիւնը նոյնանման երկու նամակ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարին եւ Ապահովութեան Խորհուրդի նախագահին, դիտել տալով որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, յատկապէս «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ն կը շարունակեն ոճիրներ գործել Հալէպ նահանգին, անոր գիւղերուն եւ Իտլիպ նահանգին մէջ, թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակչութիւնը, դպրոցները, սրբավայրերն ու քաղաքացիական ենթակառոյցները, որուն հետեւանքով կ՚արձանագրուին հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ։