28 տարի առաջ այս օրը` 26 Յունուար 1992-ին, տեղի ունեցած էր Քարինտակի հերոսամարտը: Շուշիէն առաւօտեան 5:45 -ին հակառակորդը անցած էր յարձակումի, Քարինտակին օգնութեան հասած էին դրացի գիւղերու բնակիչները:

Թուաքանակով եւ զէնք-զինամթերքով քանի մը անգամ գերազանցող հակառակորդը ետ մղուած էր` գիւղին շրջակայքը ձգելով 130-էն աւելի սպանուածներ, ջարդուած էր Պաքուէն բերուած գումարտակը, քանի մը տասնեակ զոհ տուած էր նաեւ Շուշիի գումարտակը: Հիմնովին ոչնչացուած էր Ատրպէյճանի բանակի հետախուզութեան պետի տեղակալի գլխաւորութեամբ յատուկ պատրաստուած 11 հոգինոց ջոկատը: Ցաւօք զոհեր ունեցած էր նաեւ հայկական կողմը:
26 Յունուարին Քարինտակի հերոսամարտը շրջադարձային դարձաւ մեզի պարտադրուած պատերազմով եւ հիմք հանդիսացաւ նոր յաղթանակներու:
Եւ պատահական չէ, որ այդ օրը մեծ շուքով կը նշուի գիւղին մէջ: Քարինտակի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի մասնակիցները նախ ծաղիկներ զետեղած են նահատակուած քարինտակցիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են գիւղապետ Մխիթար Առուշանեան, Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան, Քարին տակի ակումբի վարիչ Ալվարդ Գասպարեան, դպրոցականներ եւ ԱՀ ՊԲ «Ասպետ» համոյթը:
Հերոսամարտի օրը գիւղի ջոկատի տղոցմէ եւ դրացի գիւղերու ջոկատներուն տղոցմէ 21 զոհ տուած են հայերը: Քարին տակի գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի խօսքով` անոնք դարձան այն հերոսները, որոնք կ’ապրին նաեւ մահէն ետք, անոնց ապրած ամէն օրը հայրենասիրութեան ոգի է:
Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի խօսքին համաձայն, 28 տարի առաջ այս օրը Քարինտակի մէջ տեղի ունեցաւ ռազմական առումով անհաւանական գործողութիւն: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ 26 Յունուարը ամրագրուեցաւ որպէս Քարինտակի հերոսամարտի օր, իսկ Ատրպէյճանը, մեկնելով նոյն օրը ունեցած հարիւրաւոր զոհերու քանակէն եւ խայտառակ պարտութենէն, զայն անուանեց «Արիւնոտ Յունուար», իսկ Քարինտակը` «Արիւնոտ Ձոր»:
Ձեռնարկի աւարտին Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի նախարար, հրամանատար Կարէն Աբրահամեանի հրամանով շարք մը քարինտակցիներ պարգեւատրուեցան արժէքաւոր նուէրներով, իսկ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան վարչութեան որոշումով` պատուոյ գիրերով:
Քարինտակի հերոսամարտի 28-ամեակի նախաձեռնութեան ներկայ էին Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտօնատար այլ անձեր, զինուորականներ, քարինտակցիներ: