ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ ցաւակցութիւն յայտնած է աւերիչ երկրաշարժին առիթով:
«Թուիթեր»-ի ՀՀ ԱԳՆ միքրոպլոկին մէջ կատարուած գրառումին մէջ յիշուած է.
«Խորապէս կը ցաւակցինք Էլազիկի մէջ նախօրէին տեղի ունեցած սարսափելի երկրաշարժին հետեւանքով մահացածներու ընտանիքներուն, տուժածներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում եւ Թուրքիոյ վնասուած շրջաններու վերականգնում»:
Յիշենք, որ Թուրքիոյ արեւելան շրջանին մէջ 24 Յունուարին տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած է 31 մարդ: 6,8 ուժգնութեամբ ուժեղ երկրաշարժը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Էլազիկ քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը 24 Յունուարին` տեղական ժամանակով 20:55-ին: Ցնցումներ զգացուած են երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: