«Երկիր».-Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան արձագանգած է ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան.« Երկրի ղեկավարին յարիր չէ աժան քարոզչութեամբ զբաղիլ փոխարէնը` գործով զբաղուեցէք» ․
Ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Կրթութեան,Գիտութեան, Մարմնակրթութեան եւ Մշակոյթի շէնքին դիմաց ցոյց ընողները նախկին փտած վարչակարգէն են: Սկիզբը ժպտեցայ, յետոյ մտածեցի. մեր երկրի փաստացի ղեկավարը բացայայտ իրականութեան չհամապատասխանող բան կ’ըսէ իմ եւ իմ ընկերներուս մասին: Թէեւ ինք անձամբ եկաւ, հանդիպեցաւ միտքեր փոխանակեց մեզի հետ: Պարոն վարչապետ դուք կը սխալիք եւ անկախ թէ դուք ինչ կ’ըսէք, մենք չենք փոխեր մեր տեսակէտը եւ կ’ըսենք , որ Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ ազգային, հայկական եւ յառաջադէմ կրթական համակարգ: Դուք չէք հետեւիր այս կարեւորագոյն հարցին, ունիք ապազգային նախարար, որուն գործունէութեան հետեւանքով մարդիկ փողոց իջան:
Իսկ Դաշնակցութեան մասին ձեզի մեր հանդիպումի ընթացքին ըսի. «Չկայ դուրսի եւ ներսի Դաշնակցութիւն: Երկրի ղեկավարին յարիր չէ աժան քարոզչութիւնը, փոխարէնը` գործով զբաղուեցէք”,գրած է ան: