«Էրմէնիհապեր».-«Համշէնուհի» համշենահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար, Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր Սաիտա Օհանեան դիմում ներկայացուցած է Նոբելեան յանձնաժողովին` առաջարկելով Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Կազմակերպութիւնը Կարօ Փայլան կը նկարագրէ որպէս մարդ մը, որ ողջ կեանքը նուիրած է հայ եւ Մեծ Մերձաւոր Արեւելքի, ներառեալ Արեւմտեան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին:
«Համշէնուհի» միութիւնը կոչ ըրած է բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն միանալ իրենց նախաձեռնութեան եւ իրենց ձայնը տալ Կարօ Փայլանին:
Նշենք, որ վերոյիշեալ կազմակերպութեան կողմէն Կարօ Փայլան 2-րդ անգամ ըլլալով կ’առաջադրուի Նոպելեան մրցանակի:
«Համշէնուհի» համշենահայերու կանանց միջազգային միութիւն կազմակերպութեան նպատակը կանանց իրաւունքներու, հայ ժողովուրդի նկատմամբ անոր բնօրրանին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի` Համշէնի մէջ, 1894-1923 թուականերուն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ աշխարհի միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, որոնք անոնց տրուած է միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու ու ձեւաչափերու համաձայն: