Երեքշաբթի, 28 Յունւոար 2020-ին զինուորական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը ազատագրեց Իտլիպ նահանգի հարաւային շրջաններուն մէջ գտնուող Մաարէթ Նոհման քաղաքը, որ կը նկատուի Սուրիոյ մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ամենամեծ կեդրոններէն մէկը:
Սուրիական բանակը օրեր շարունակ պաշարեց քաղաքն ու Հալէպ-Սարաքեպ միջազգային ճամբան, որուն հետեւանքով ալ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ նահանջեցին նախքան սուրիական բանակին քաղաք մուտք գործելը: