«Երկիր».-Եւրոխորհրդարանէն ներս 5 Փետրուարին Պաքուի հայ փախստականներու ճակատագիրին մասին համաժողով տեղի պիտի ունենայ: «Մոռցուած փախստականներ. ի՞նչ  տեղի ունեցած է Պաքուի հայերուն հետ» խորագիրով համաժողովը կազմակերպուած է Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի եւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան կողմէ:

Խօսնակներն են պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, իրաւապաշտպան Աննա Աստուածատրեան-թիւրքոտ եւ Պրիւքսէլի համալսարանի փրոֆէսոր Դաւիթ Պապաեւ: