«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 28 Յունուարին ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 943 բանաձեւին վաւերացումը ։

Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այժմ երկրին գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն հետ խորհրդակցութիւններ սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ փորքրամասնութեանց ցեղասպանութիւններու դասաւանդումներուն համար  պետական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասապանութիւնը։

Հայ Դատի նշեալ ջանքերէն մէկը կապուած է Ներկայացուցիչներու տան թիւ 47 բանաձեւին, որ ներկայիս կը քննարկուի Կրթութեան եւ աշխատողներու հարցերու յանձնախումբին կողմէ։

Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին տուեալներուն համաձայն, ներկայիս ցեղասպանութիւններու դասաւանդում կատարող Միացեալ Նահանգներու նահանգներէն միայն 15-ին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի ցեղասպանութիւններու գլխաւոր օրինակներէն մէկը։ Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել՝ www.genocideeducation.org կայքը, իսկ իւրաքանչիւր նահանգի վիճակին մասին իմանալու համար՝ դիմել Արեւելան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, յաջորդաբար հետեւեալ հասցէներով. ancaer@anca.org եւ info@ancawr.org։