ՀՅԴ անդամ Արծուիկ Մինասեան անդրադառնալով «Ադեկուադ» միաբանութեան անդամներուն ձերբակալման յայտնեց.« Ցաւալի է, որ այսօր` Բանակին օրը, ականատես կ’ըլլանք ապօրինի վարքագիծի»:
«Ակնյայտ է, որ մարդուն չհիմնաւորուած բանտարկութեան մէջ պահելը լուրջ յանցագործութիւն կը համարուի եւ բոլոր անոնք, որոնք կ’ենթարկուին նման հրահանգներու եւ կը կատարեն ապօրինի արարքներ,  օր մը պատասխան պիտի տան այս ամէն ինչին համար: Ես կը կարծեմ, որ ողջմիտ իշխանութիւնը պէտք է դասեր քաղած ըլլայ առնուազն անցեալէն, երբ իր ներկայացուցիչները հետեւողականօրէն կը պայքարէին ապօրինի ձերբակալութիւններու, վարչական կալանաւորներու, նախկին իշխանութիւններու անհամաչափ գործողութիւններուն դէմ, սակայն նոյնը այսօր  քանի մը անգամ աւելի վատ ձեւով կը փորձեն ընել»,ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ յանուն ազատութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող մարդոց եւ բոլոր անոնց, որոնք չեն հանդուրժեր մեր երկրին մէջ ճնշումներու կիրարումը:

Ապա անդրադարձաւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի կողմէ հրապարակուած լուսանկարին, ուր ըստ պատգամաւորին, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան կը խոնարհի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին  առջեւ, իսկ յետոյ պարզուեցաւ, որ լուսանկարին մէջ Արծուիկ Մինասեանն է, նախկին նախարարը ըսաւ, որ իրենք դատական դիմում  ներկայացուց են ընդդէմ Արման Բաբաջանեանի: