Երկուշաբթի, 27 Յունւոար 2020-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ սուրիական բանակի իւրաքանչիւր յաղթանակին հետ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Թուրքիոյ աջակցութեամբ քիմիական յարձակումի բեմագրութիւն մը կը պատրաստեն: Անոնք այս անգամ Հալէպի եւ Իտլիպի արեւմտեան բաժիններուն մէջ նման դաւադրութիւն մը կը նախատեսեն ի գործ դնել՝սուրիական բանակը անբաստանելու եւ անոր յառաջխաղացքը կասեցնելու նպատակով:
Այս առիթով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, ուր շեշտեց. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ահաբեկիչներու կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործումը Սուրիոյ տարածքին եւ կոչ կ’ուղղէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին խստիւ դատապարտելու նման յարձակումները եւ զօրավիգ կանգնելու ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պայքարին: