«Արմէնփրէս».-«ՄԱԿ Հաակայի միջազգային բնորդ» հիմնադրամի ամէնամեայ համաժողովին, որուն բացումը կատարուած է 27 Յունուարին, պատմական հարցերու քննարկման ընթացքին տեղի ունեցած է «Իրավիճակը Սովետական Ատրպէյճանի (12/13 Յունուար, 1990թ․)» զեկոյցին քննարկումը:

Զեկոյցի քննարկումէն ետք ելոյթով հանդէս  եկած է Հոլանտայի Թագաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագէտ Քրիստինէ Ստեփանեան: Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձ կատարելով 1990թ․ Պաքուի ջարդերուն յայտնած է, որ, ցաւօք, մինչեւ օրս ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը շարունակեն պատմական փաստերու ժխտման համար օգտագործել ահռելի միջոցներ եւ ջանքեր: Ան աւելցուցած է, որ Սովետական Ատրպէյճանի տարածքին հայկական բնակչութեան կոտորածներուն համար անպատժելիութիւնը իր պտուղները կու տայ մեր օրերուն․ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ոչ միայն կը հրաժարին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ մարդկութեան դէմ այս յանցագործութիւններուն համար, այլեւ կը փորձեն զոհերը մեղադրել իրենց հանդէպ կիրառուած բռնութիւններուն եւ կոտորածին համար:

Հարցին առնչութեամբ ելոյթէն եւ լուսանկարային ապացոյցներու ու փաստավաւերագրական ֆիլմերու ներկայացումէն ետք ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտը պատասխանած է ենթաբնորդի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: