«Ասպարէզ».- Շաբաթ, 25 Յունուարի յետմիջօրէին, Էնսինոյի Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 24 հայորդիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն միացան, ընկերական լայն շրջանակի մը ներկայութեան տալով իրենց երդումը:

Դաստիարակչական յատուկ ծրագիրին հետեւած երիտասարդ մը եւս աւելի ուշ պիտի տայ իր երդումը, միանալով այս խումբին:

Երդման հանդիսաւոր արարողութեան բացումը կատարեց նորագիրներու կուսակցական նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպած յանձնախումբի անդամ Արամ Մանուկեան: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արթօ Քէօլէեանը, որ իր պատգամը ուղղէ եւ երդումը գլխաւորէ՝ Դաշնակցութեան դրօշին, ծրագիրին, կանոնագիրին եւ մարտունակութեան խորհրդանիշին վրայ:

Նորագիրներուն յղած իր խօսքին մէջ, Արթօ Քէօլէեան, ըսաւ. «Կեդրոնական Կոմիտէին որոշումով դուք հաւաքաբար կը պատկանիք Ռոստոմի սերունդին: Ռոստոմի ամենաամբողջական եւ կատարեալ բնութագիրը Սիմոն Վրացեան կատարած է՝ գրելով. «Եթէ Քրիստափորը եղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտքն էր, ե՛ւ կամքն ու խիղճը՝ Դաշնակցութիւնն ինքը, իր բովանդակ էութեամբ»: Ռոստոմ կը հաւատար կենդանի գործին, իրեն համար չկար գործին մեծն ու պզտիկը, խոնարհն ու շքեղը»: Ան յիշեցուց իր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած Նիկոլ Աղբալեանի այս միտքը. «Դաշնակցութիւնը լաւատես երազողների խմբակցութիւն չէ, այլ հանրային պայքարի կազմակերպութիւն: Նա ճիգի եւ աշխատանքի կուսակցութիւն է», շեշտելով նորագիրներուն, որ ըլլան «պատրաստակամ՝ մասնակցելու որեւէ աշխատանքի, որ կը հետապնդէ հաւաքական շահերը, Դաշնակցութեան ծրագիրի եւ գաղափարաբանութեան հաւատամքով»:

Ան աւելցուց. «Կ՛ուզեմ որ անդրադառնաք Դաշնակցականի անկեղծութեան ուժին: Անկեղծութիւնը եւ պարկեշտութիւնը յարգանք կը պարտադրեն. անոնք աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնեն: Դուք այսօր ձեր իսկ կամքով կը դառնաք Դաշնակցութեան անկե՛ղծ զինուորները»։

Երդման արարողութիւնը աւարտեցաւ Դաշնակցութեան քայլերգին խմբերգով: Ապա, ներկայ շարքային ընկերները, որոնց մէջ նկատառելի էր իրենց զաւակներուն ստանձնած յանձնառութեամբ հպարտ ծնողներուն թիւը, շնորհաւորեցին նորագիրները:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ նորագիրներուն պատգամ ուղղեց դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան։

Երդման արարողութենէն ետք, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, առաւել քան 700 մասնակցողներու ներկայցութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Օրուան խրախճանքը, որուն հանդիսավարն էր Միրնա Քասսամանեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրն է այսօր. 130 ամեայ՝ սակայն հոգիով միշտ երիտասարդ եւ պանծալի կուսակցութեան մը տարեդարձն է այսօր»։ Խօսելէ ետք ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու մտայղացումով առաջնորդուող Դաշնակցութեան լայնածաւալ աշխատանքներուն եւ նպատակասլաց ծրագիրներուն մասին՝ ան աւելցուց. «Միասնաբար շարունակենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անխափան երթը, մնալով Հայ Դատի հաւատարիմ ջահակիրները, որոնք կը ծառայեն հայ ազգին եւ Հայաստան աշխարհին, ու վճռական են այդ ջահը փոխանցելու գալիք սերունդին՝ Հայոց եկեղեցւոյ, հայկական դպրոցներու եւ Դաշնակցական ակումբներու եւ միութիւններու միջոցաւ: Թող որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 130ամեայ անմար ջահը լուսաւորէ հայ ժողովուրդին միտքերը՝ մտածելու եւ աշխատելու հայօրէն, ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքահայութեան»:

Ան պարզաբանեց նաեւ «Հայրենիքիս համար, Ժողովուրդիս հետ» նշանաբանով Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը այս տարի շրջանի պատկերասփիւռի կայաններէն եւ համացանցի միջոցաւ սփռելու որոշումը:

Աւելցնենք, որ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան մէկ ժամուայ յայտագիրը սփռուեցաւ Կիրակի, 26 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6։00ին։ Զայն կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/wW5IRowyz6o կայքէջը։