Երեքշաթբի, 18 Յունուարին, Հայրենեաց պաշտպանի օրուան առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
Նախագահը ծաղիկներ տեղադրեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն եւ անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու յուշարձանին դիմաց:
Բանակի օրուան առիթով նախագահը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց եւ հաստատեց, որ ասիկա տօնն է նաեւ աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն, որոնք հայրենիքին համար օրհասական պահուն տարբեր երկիրներէ շտապեցին Արցախ եւ կանգնեցան անոր պաշտպանութեան դիրքերուն մէջ: