ՍՕ Խաչը հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած խաչուհիներու փաղանք մըն է, որ իր ուխտին կառչած, կամաւորաբար կը ծառայէ ժողովուրդին՝ սերմանելով յոյս, դարմանելով ցաւեր, հսկելով քառաթեւ, ապրելով ու ապրեցնելով։
Արդարեւ ՍՕ Խաչի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այս ծառայութիւնը քաջալերելու համար կազմակերպեց նայիրեան մշակութային աւանդական ձեռնարկը, որ այս տարի ձօնուած էր Պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի 15 նահանգներուն, միաժամանակ մասնաճիւղի 35-ամեակին։
Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ի առաւօտեան «Լեւոն Շանթ» սրահը լի էր խաչուհիներու բազմութեամբ։
Մուտքին, կազմակերպիչ յանձնախումբը խաչուհիներուն կուրծքը զարդարեց «Նայիր»ի տառերով պատրաստուած զարդասեղով մը։
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով։ բեմահարթակին վրայ տեղադրուած էր Պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի 15 նահանգներուն քարտէզը։
Սրահին երկու կողմերը զետեղուած էին պատկերներ հայ թագուհիներու, հայ տիպար կիներու, որոնք ազատագրական պայքարին իրենց մասնակցութիւնը բերած են։ Անոնց կողքին՝ նահանգներուն նկարները։ Ցուցադրուած էին նաեւ հայկական ձեռարուեստէն օրինակներ։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Օսան Բանոյեան։ Ան ըսաւ, որ ՍՕ Խաչի հիմնադրութեամբ հայ աշխարհին մէջ բացուեցաւ պայծառ ուղի մը դէպի ընկերային ծառայուեան նոր կեանք, որուն պտուղը պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին հոգեկան, մտաւոր եւ ազգանուէր ոգիին արթնացումը, վերանորոգումը եւ զարգացումը։«Նայիրի» Մասնաճիւղի անդամուհիները ընդհանրապէս եւ յանձնախումբերը մասնաւորապէս կը գործեն միայն ու միայն հայ անունին համար։
Հոն ամէն ինչ հայկական է
Աղօթքի հետ աշխատանք
Առաքինութեան հետ հայրենասիրութիւն,
Հաւատքին հետ գաղափարական աշխարհի զարգացում, իսկ ծառայողներուն սեւեռակէտը մեր ժողովուրդն ու ամբողջական հայրենիքը»։
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան հետեւեալները.-
Զարմիկ Զալօղլեան մեկնաբանեց անմահն Կոմիտասի «Քելէ-քելէ», «Հով Արէք Սարեր» ստեղծագործութիւնները (կիթառ)։
Սագօ Յովհաննէսեան հիասքանչ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց Գուսան Շերամի «Պարտէզում Վարդ Է Բացուել» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեաքալեանի։
Լիւսի Յովհաննէսեան քաղցրահունչ ձայնով մեկնաբանեց Գուսան Շերամի «Զով Գիշեր»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեաքալեանի։
Հանդիսավար Սոնա Ճարպիկեան բեմ հրաւիրեց մշակութային յանձնախումբի ընկերուհիները՝ ներկայացնելու Պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի նահանգները։
Ներկայացուեցան նահանգներու մշակութային կեդրոնները, բնակչութիւնը բնորոշող յատկութիւնները եւ ինքնապաշտպանական պայքարը։
Օրուան բանախօս Մարալ Սեմէրճեան ներկայացուց «Հայուհին Հայոց Պատմութենէն Ցայսօր»։ Ան վեր առնելով հայ կնոջ դերը մեր պատմութեան տարբեր փուլերուն ըսաւ. «Հայոց դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայ կինը եղած է ընտանեկան օճախին պահապանը, սուրբ մայրութեան անփոփոխ խորհրդանիշը ու հոգեւոր արժէքներ կրողն ու սերունդէ-սերունդ փոխանցողը։ Հայ կնոջ անմիջական մասնակցութեամբ հիմնուեցան զանազան կազմակերպութիւններ, այս կազմակերպութիւններուն ծաւալած գործունէութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցան առաջին յեղափոխական ազգային շարժման գործիչներ՝ Թամարա, Ժենիա Ադամեան, Սաթենիկ Մարտիկեան, Սրբուհի Գալֆայեան։ Անոնք կրթեցին ու դաստիարակեցին սերունդ, ամրագրեցին այն կարեւոր գաղափարը, որ հայրենիքը օտարներու լուծէն ազատագրելու զոհողութիւնը սրբազնագոյն նուիրումն է։ Հայոց պատմութեան մէջ յեղափոխական շարժման հայ կնոջ նուիրումն ու մասնակցութիւնը Սօսէի ու Շահէի տիպարներով իւրայատուկ պատմական արժէք էր։ Հայ կանայք կռիւներուն կը մասնակցէին տղամարդու ծպտեալ հագուստով։ Ոսոխի դէմ պայքար մղելով անոնք կը գերադասէին մահը օտար նուաճող տիրապետութեանց ենթարկուելու փոխարէն։ Այս իրողութեան լաւագոյն ապացոյցները հազարամեայ պատմութիւն ունեցող փառահեղ հերոսապատումին բազմաթիւ էջերը կը հանդիսանան»։
Ան անդրադարձաւ 11-րդ դարուն միջնադարեան շրջանին հայրենասէր ու անձնուէր հայուհիներուն, որոնք ժողովուրդին փրկութիւնը իրենց անձնական երջանկութենէն աւելի բարձր դասեցին եւ սիրով գերագոյն զոհողութիւնը յանձն առին՝ նուիրաբերելով իրենց կեանքը։
Ընկերուհին դիտել տուաւ, որ այսօր ընկերութեան զանազան կառոյցներէն ներս, ընտանիքէն մինչեւ դպրոց, հասարակական կազմակերպութիւններէն մինչեւ պետական հաստատութիւններ, կինը կեդրոնական ներկայութիւն է իր տիրական խօսքով եւ բեղուն գործունէութեամբ։
Բանախօսուհին եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Պատիւ ձեզի, հերո՛ս խաչուհիներ, ՍՕ Խաչի նուիրեալ ծառաներ, ձեր կեանքը նուիրեցիք ազգին ու հայրենիքին, տուիք ձեր էութիւնը, տուիք սիրով ու քաղցրութեամբ։ 35-ամեակին ձօնուած այս օրը թող նոր սկիզբ ըլլայ յիշելու եւ յիշեցնելու մեր պատմութիւնը, դուք մեր կեանքի ցորենը եղաք ու ձեր բարիքներով ծաղկեցուցիք անապատացած մեր կեանքին արօտավայրերը, դալարութեամբ գեղեցակացուցիք բլուրները, ցնծութիւն եւ ուրախութիւն սփռեցիք ամէնուրեք։ Յարգանք ձեզի, ՍՕ Խաչի կամաւոր բանակին ծառայողներ»։
Բովանդակալից բանախօսութենէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ։ Լիլիթ Նալպանտեան հայուհիի նազանքով մենապար մը հրամցուց՝ «Մախմուր Աղջիկ» երգին ընկերակցութեամբ։
Շրջ. Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շողիկ Տէր Պօղոսեան, որ մասնաւորաբար ըսաւ. «Ունկնդրելով Պատմական Հայաստանի նահանգներու պատմութիւնը, փոխադրուեցանք հայրենի աշխարհ, պատմական Հայաստան, բռնագրաւեալ հողեր»։
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին, որ լուսարձակի տակ առաւ հայուհին՝ պատմութենէն ցայսօր։ Ընկերուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան այս օգտաշատ ձեռնարկի կազմակերպումին համար։
Աւարտին հանդիսավար ընկերուհին բեմ հրաւիրեց Շրջ. Վարչութեան ընկերուհիները եւ այն ընկերուհիները, որոնք 35 տարիներու ընթացքին վարած են վարչութեան ատենապետուհիի պաշտօն՝ հատելու 35-ամեակի կարկանդակը։
Թղթակից