Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Իտլիպի հարաւային արուարձանի մէջ գտնուող Մաարէթ Նոհման քաղաքի հիւսիսային բաժինէն Ճոպաս, Մարտիխ եւ Մաարտապսէ գիւղերը, ուր բանակը բուռն մարտեր մղեց “Ճապհաթ ալ Նուսրա” ի եւ անոր ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ եւ ոչնչացուց անոնց թաքստոցները։ Ահաբեկիչներէն ոմանք սպանուեցան, ոմանք ալ փախուստ տուին դէպի Սարաքէպ։