Արտերկրի հնագոյն կրթօճախներէն աւելի քան հինգ դարու պատմութիւն ունեցող, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը՝ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, հիմնուած՝ 1852 թուականին, 160 տարի լուսաւորելէ ետք, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակեց իր դռները:
Սուրիական կատաղի պատերազմին եւ սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահայութեան աննախընթաց արտագաղթին պատճառով, քաղաքին մէջ գործող չորս ազգային վարժարաններ՝ Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան եւ Կիւլպէնկեան, Բերիոյ հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան որոշումով եւ տնօրինութեամբ խմբուեցան Ազգային Միացեալ վարժարան անուան տակ:
Այսպիսով շիջեցաւ հայոց արդի պատմութեան կրթական հզօր ամրոցներէն մին, որուն աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները սարսուռ մը ապրեցան, երբ լսեցին անոր փակումին բօթը:
Բաղդատութիւն մը կատարելով այս համախմբուած վարժարաններուն միջեւ՝ Հայկազեանը կը հանդիսանայ դժբախտութեան ախոյեան, երկու հիմնական պատճառներով:
Տարագիր հայութեան գալուստէն շատ առաջ գործող այս կրթօճախը մնացած է բաժնուած, իր երեք մասնաշէնքերը՝ մանկապարտէզ, աղջկանց եւ տղոց բաժիններ իրարմէ հեռու թաղեր հաստատուած են, յատկապէս մանկապարտէզը, որ վերջին քառասուն տարիներուն, որպէս առժամեայ միջոցառում, փոխադրուեցաւ Նոր Գիւղ, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի պարտէզին մէջ, նախկին գիշերօթիկներու Տիգրանեան շէնքը, արդիական մանկապարտէզի մը յարմարութիւններէ զրկուած:
Աղջկանց բաժինը կը գործէր 1950-ական թուականներուն եկեղեցւոյ կից կառուցուած շէնքին մէջ, որ ընդհանրապէս նեղ կու գար, քաղաքի կեդրոնական թաղերուն՝ Ազիզիէի, Սալիպէի, Նայեալի եւ Սուլէյմանիէի բնակիչներու զաւակներուն:
Պետութեան կողմէ 1967 թուականին սեփական վարժարաններու մասին հաստատուած օրէնքէն ետք, Հայկազեան վարժարաններու երեք արտօնագիրները պահպանելու հեռանկարով, միւս կողմէ՝ ամբողջական եւ արդիական նոր կառոյցի մը երազը իրագործելու դժուարութիւններուն պատճառով, առժամեայ լուծումներէն էր Նայեալի շրջանին մէջ հոգեւոր եղբայրակցութեան «Կենաց» վարժարանի գնումը, որ յատկացուեցաւ՝ որպէս տղոց բաժին: Հալէպի թանգարաններու տնօրէնութեան յանձնելով Ճիտէյտիէի մէջ «Պէյթ Ղազալէ» արաբական ապարանքը, ուր աշակերտելու բախտաւորներէն եղած եմ նախակրթարանի 1962-1968 տարիներուս:
Որպէս փոխհատուցում՝ քաղաքապետութիւնը Ազգ. Իշխանութեան տրամադրեց Սուլէյմանիէի հայաշատ շրջանի մէջ հողաշերտ մը, հոն կառուցուեցաւ Կիւլպէնկեան վարժարանը եւ «Եսայեան» սրահը, որ այժմ կը գործէ որպէս Ազգային Միացեալ վարժարան:
Պատերազմը կանխող տարիներուն Հայկազեան վարժարանի հողաշերտի մը փնտռտուքի աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, գնումը իրականացաւ: Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատերազմի նախօրէին, շինարարութեան արտօնագիրի դժուարութեան եւ շրջանի բնակիչներուն վիճելի կենցաղին պատճառով, թերեւս բարեբախտութիւն մըն էր, որ այդ ծրագիրը առկախուեցաւ:
Թափառող Հայկազեանի երկրորդ դժբախտութիւնն ալ քառասուն տարիներէ ի վեր անաւարտ մնացած յուշամատեանի հրատարակութիւնն է:
Զանազան յոբելինական առիթներով մեր վարժարաններուն մեծամասնութիւնը ունեցան իրենց յուշամատեանները, Հալէպի մէջ՝ Մխիթարեան վարժարանը, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը, Կիլիկեան ճեմարանը, Ազգ. Սահակեան վարժարանը, Դամասկոսի Ազգ. միացեալ վարժարանը, Քուէյթի Ազգային վարժարանը:
Հայկազեանի տղոց բաժնի տնօրէն երախտարժան Փիլիպոս Դերձակեանը, որ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի անդրանիկ շրջանաւարտներէն էր, առաջինն էր, որ նախաձեռնեց իր տնօրինած դպրոցի յուշամատեանի պատրաստութեան 1979 թուականին, այդ տարին կը զուգադիպէր՝ 1919-ին Հայկազեան անուանակոչութեան վաթսունամեակին, նախապէս վարժարանը Ներսէսեան կը կոչուէր: Գործը նախատեսուածէն աւելի դժուար էր, ան ձեռնարկեց նկարներու հաւաքման, անուանացանկերու պատրաստութեան, արխիւներու սերտողութեան, բանասիրական հսկայ աշխատանք պահանջող ծրագիր մը, որուն հրատարակութեան ականատես չեղաւ պարոն Դերձակեան, արտասահման մեկնելէ առաջ:
Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան, Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, 8 Դեկտեմբեր 1988-ի թիւով, «Ողջերթ Պարոն Փիլիպոս Դերձակեանի» թղթակցութեամբ, հետեւեալ տողերը կը գրէր. «Հայկազեան վարժարանի մանչերու բաժնի այժմու տնօրէն Հրայր Յակոբեան, որ անդրադառնալէ ետք 1958-1983 վարժարանէն ներս Դերձակեանի բոլորանուէր ծառայութեանց, խոստացաւ ուսումնական ներկայ տարեշրջանին հրատարակութեան յանձնել Հայկազեան վարժարանի ամբողջական պատմութիւնը ընդգրկող յուշամատեանը, պատրաստուած՝ օրուան մեծարեալին կողմէ»:
Հոգաբարձութեան կողմէ յառաջացած յանձնախումբ մը ստուգումները աւարտած էր 1987-ին՝ ամբողջական պատմական մը պատրաստելու աշխատանքը վստահելով ծանօթ բանասէր Միհրան Մինասեանին, մինչ Հրայր Յակոբեան 1996-ին արտագաղթելէ առաջ ամբողջական թղթածրարը կը յանձնէ իրեն յաջորդող տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեանին։ Բոլորիս ծանօթ պատերազմի սկզբնաւորութեան Միհրան Մինասեանն ալ կը հաստատուի հայրենիք:
Այսպիսով, յուշամատեանի պատրաստութեան պատմութիւնն ալ, իր կարգին, կը բոլորէ քառասնամեակ մը:
Խոր յարգանք տածելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան, Ուսումնական Խորհուրդին եւ կրթական բնագաւառի պատասխանատուներուն հանդէպ՝ ցաւ ի սիրտ կրնանք յայտարարել, որ Ազգային Հայկազեան վարժարանը անտէր է այսօր, որովհետեւ ոչ եւս է իր անմիջական խնամատարը՝ հոգաբարձութիւնը:
Փակուած վարժարաններէն բախտաւորները ունին իրենց Շրջանաւարտից միութիւնները:
Հայկազեան վարժարանի աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները փակման գոյժին հետ կրկնակի սարսուռ մը կ’ապրին այս պահուն՝ յուշամատեանի հարցին իրազեկ դառնալով:
Անկրկնելի Հալէպը կ’ապրի ու կը շնչէ հայօրէն, եւ Հայկազեանի յուշամատեանի իրագործումը կարելի է վստահիլ Հալէպ ապրող շրջանաւարտներուն:
Ազգային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ ապրող հայկազեանցիներէ կազմուած մարմին մը կարելիութիւն պիտի ունենայ փրկել ցարդ կատարուած աշխատանքը եւ իր լրումին հասցնել այս կոթողական գործը, որ փոխան շիրմաքարի՝ պիտի կանգնի պատմութեան դիմաց:
Սփիւռքի տարածքին ապրող շրջանաւարտները, անկասկած, բարձր գիտակցութեամբ իրենց նիւթական ներդրումը պիտի ունենան այս հրատարակութեան լոյս ընծայման:
Բազմահարիւր կրթական մշակներ եւ պաշտօնէութիւն, հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնցմէ շատեր վաղուց մեկնած են այս աշխարհէն, անոնց հարազատներն ալ պիտի ողջունեն նման հրատարակութեան մը աւարտը:
Այս խանդավառութիւնը ապրած ենք 1997-ին, երբ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի յուշամատեանը հրապարակուեցաւ յիսնամեակի յոբելինական հանդիսութեան օրերուն:
Իմ ընտանիքէս չորս սերունդներ ներկայութիւն ունեցած են Հայկազեան վարժարանէն ներս, մեծ հայրս՝ Մատթէոս Մ. Էպլիղաթեան (1881-1960), որ տնօրէնն էր 1932-1935 տարիներուն: Իր աշակերտներէն ճանչցած եմ Տիգրան Նահապետեանը, Օննիկ Տէր Յովհաննէսեանը եւ տոքթ. Սիսակ Սիսեռեանը, որոնցմէ տեղեկացայ, թէ բարոյագիտութիւն նիւթի դասատուն եղած է:
Հայկազեանը՝ որպէս կրթական ամրոց, իւրայատուկ է սփիւռքի պատմութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ անոր հիմնադրութիւնը աւելի քան կէս դար կը կանխէ Ցեղասպանութիւնը եւ սփիւռքի ծննդոցը, հայկական դպրոց մը առանց գաղափարական պատկանելիութեան՝ մինչեւ քսաներորդ դարու կէսերուն, այսպիսով անոր պատմութիւնն ալ կը ցոլացնէ գաղութի ամբողջական պատկերը:
Ազգային Հայկազեան վարժարաններու յուշամատեանը լոյս պիտի սփռէ փառաւոր գաղութի առաջին հայկական դպրոցին վրայ, որ ոսկեայ մէկ օղակն է աշխարհասփիւռ բազմահարիւր կրթական ամրոցներուն՝ յար եւ նման Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի, Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի, Հնդկաստանի Մարդասիրական ճեմարանի, Ամերիկայի Ֆերահեան վարժարանի, Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանի, Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի եւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի:
Հայկական տուներէն ներս յարգելի համեմատութեան մը մօտ գրադարան կարելի է տեսնել, իսկ չունեցողներն ալ նուազագոյնը կը պահեն Աստուածաշունչ մը, երազահան մը, հայրենակցական յուշամատեանը եւ իրենց յաճախած դպրոցին յուշամատեանը:
Նոր տարուան խանդավառ եւ յոյսերով լի տրամադրութեամբ, կը սպասենք, որ այս առկախուած ծրագիրը կեանքի կոչուի՝ որպէս պանծացում մեսրոպեան մեծ գիւտի պատմական ամրոցներէն՝ Հալէպի Հայկազեան վարժարանի:
Մաթիկ Էպլիղաթեան
Նկարը՝ Պարտիզագնացութեան մը, Հայկազեան վարժարանի աշակերտուհիներ եւ ուսուցչական կազմը, կեդրոնը՝ տնօրէն Մատթէոս Մ. Էպլիղաթեան (1932-1935): Ձախէն՝ նստած առաջին շարքին եօթերորդը՝ Մանկապարտիզպանուհի տիկին Սաթենիկ Տասնապետեան: