Հինգ սարսափելի ու հրեղէն ձմեռներ անցած էին: Քաղաքը յոգնած էր ու կիսամեռ: Մարդոց դէմքերը խինդ ու ծիծաղի գերեզմաններ էին կարծես:
Չքաւորութիւնը գրեթէ բոլոր դռներէն ներս մտած՝ իր ապահով բոյնը հիւսած էր, իսկ խաղաղութիւնը իր ճանապարհը կորսնցուցած անհասցէ նամակի մը պէս անտէր մնացած էր:
Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի թաղերէն մէկուն մէջ երկար տարիներու աշխատասէր արհեստաւոր Գալուստը անգամ, իր արհեստանոցի դրան դիմաց սրճեփ մը դրած, անցնող դարձողին սուրճ հիւրասիրելու պատրուակով օրուան ապրուստը կը փորձէր ճարել:
Կողքի խանութներէն անգործութեան թթու հոտը գրեթէ ամբողջ թաղը կը բուրէր: Գէթ դառն սուրճի բուրմունքը եւ սիկարէթներու անվերջ ծուխը մաքրէին թաղի գարշահոտ օդը եւ բնակիչներուն պարգեւէին քիչ մը անդորր եւ մոռացութիւն:
Գալուստ բարձրահասակ, շէկ ու գրեթէ աշխատասէր մարդ մըն էր: Ամբողջ երազները վաճառած էր եւ անոնց փոխարէն առօրեայ վազվզուք մը գնած էր, որուն անունը «ապագան ապահովենք» դրած էր:
Վաթսունը անց էր ու կնոջը գուրգուրոտ հոգատարութենէն բացի ունէր երկու խանութ եւ երեք տուն:
Զաւկի սէրը չէր ճանչցած, թէպէտեւ ամուսնութեան առաջին տարիներուն ամէն միջոցի դիմած էր որդիական ճիչով մը տունը լեցնելու, բայց վերջապէս յանձնուած էր Տիրոջ կամքին:
Համեստ էր ու պարզամիտ, շատախօս չէր, բայց մէկ-մէկ յուսահատ ու թթու խօսքեր նետելով կրնար ամենաջերմ սրտի զովութիւնը պղտորել:
Սուրիոյ անողոք պատերազմը կը շարունակուէր:
Ծիծաղախինդ Հալէպը իր բնակիչներով կեանքի նոր քարտէզներ կը գծէր:
Ոմանք առաջին օրէն իսկ որոշեցին լսել իրենց ոտքերուն ձայնը ու պանդխտութեան ցուպ մը ճարելով դուրս եկան քաղաքէն:
Ուրիշներ հայրենիքը ապաստան ընտրեցին, այն հայրենիքը, որուն երազանքը մշտապէս փայփայած էին դպրոցական օրերէն:
Խումբ մըն ալ կառչած մնաց իր ծննդավայրին՝ այն կտոր մը հողին, որուն աւիշը ջերմացուցած էր իր «հայրենազուրկ» տարիները:
Բայց Գալուստին նմանները չէին պատկաներ այս խումբերէն մէկուն, անոնք տեսակ մը կեանքի բանտարկեալներ էին, «ցկեանս ազատազրկուածներ», որոնք աչքով տեսած են, բայց հոգիով չեն հասկցած իրենց տեսածներուն ձեւերը, լսած են գարնանային մեղեդիներ, բայց չեն ըմբռնած այդ նուագներուն մեղրահոս ու կազդուրիչ արժէքը:
Գալուստին կինը՝ տիկ. Աշխէնը, քիչ-շատ ընթերցասէր կին մըն էր: Մօրը մէկհատիկը: Հօրը կանխահաս մահը ստիպած էր զինք հեռանալ դպրոցական ապահով կեանքէն ու մօրը հետ աշխատելով յետաձգել իր ամենաջերմ կարիքը՝ երազանքը:
Գալուստին հետ ծանօթանալն ու ամուսնանալը երկար չէր տեւած, ընդամէնը քանի մը ամիս եւ արդէն մէկ երդիքի տակ հազիւ կը համտեսէին կեանքի բարիքները:
Ի դէպ, բոլոր հալէպահայերը իրենց սրտերուն մէջ ունէին, եւ վստահ որ ունին, համբերութեամբ շաղախուած ազնիւ սպասում մը, նուիրական երազանք մը, զոր կտակած են իրենց պապերէն եւ դպրոցական նստարաններուն վրայ զայն դարբնած են ազգային ու հայրենասիրական ոգիով:
Բայց Հալէպի երբեմնի օրերը հեռացած են ժամանակի սրընթաց վազքին հետ եւ կուտակուած համբերութիւնը շատ արագ նօսրացած է, վախն ու սարսափը փոխարինած են հալէպցիին կենսուրախ օրերը եւ անտանելի վիճակ մը իր ճիրանները երկարած է գրեթէ ամէն ընտանիքի վրայ:
-Գալո՛ւստ, ի՞նչ կը սպասես, վիճակը օրէ օր կը վատանայ,- կ’ըսէր Աշխէն:
-Կնի՛կ, ի՞նչ ընեմ, ո՞ւր երթանք, տարիներ աշխատեցայ, տուն-տեղ շինեցի, ո՞ւր ձգեմ երթամ:
-Ամէն մարդ ուր որ կ’երթայ, մենք ալ հոն կ’երթանք, եթէ կ’ուզես Հայաստան կ’երթանք, այո՛ կ’երթանք, շատեր գացին, վերջապէս մեր հայրենիքն է, տուն-տեղ կը ծախենք ու կ’երթանք:
-Ի՞նչ տուն-տեղ, ի՞նչ Հայաստան, տեղդ նստէ, երթամ աս տարիքէս յետոյ խայտառա՞կ ըլլամ: Հոն ապագայ չկա՛յ:
-Իսկ հո՛ս, հո՞ս է ապագան, հո՞ս է խաղաղութիւնը, կը տեսնես օրէ-օր քաղաքը կը պարպուի, զոհերուն թիւը օրէ-օր կը բազմանայ, հո՛ս միայն մահն է որ կ’իշխէ, ցաւն ու տառապանքը միայն մնացին փողոցներուն մէջ, որոնք դուռ-դուռ կը թակեն եւ անկոչ հիւրի նման ներս կը խուժեն:
Գալուստ ա՛լ բարկացած էր եւ ըսելիք չունէր, քանի մը հայհոյանք քիթին տակէն մրթմրթալով ննջարան գնաց եւ իր քարայրին մէջ առանձնացաւ:
Տղամարդու քարայրը միշտ ալ տաքուկ տեղ է Գալուստի նմաններուն, որոնք իրենց մտքի մերկութիւնները ծածկելու համար յաճախ հոն կը դիմեն:
Ու կինը միս-մինակ իր անկիւնին մէջ կը փորձէ փայլուն կէտ մը գտնել, գէթ ամուսնոյն համոզելու՝ բայց ապարդիւն:
Անցան օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, քաղաքի վիճակը աւելի դաժան,աւելի տխուր դարձաւ: Գալուստին դէմքը աւելի մրոտ էր, քան իր պատրաստած դառն սուրճը: Յոյսը աւելի քիչ կ’այցելէր իր հոգիին խորը եւ անիմաստ կրկներգի մը վերածուած էր: Խեղճ կինը չէր գիտեր ինչ ընել… լեղի հաց մըն էր, որ կոկորդը կը սեղմէր ու կ’այրէր իր սովի զգացումը: Այո, զգացական սով մը կը տիրէր իր կեանքին, սով մը որ շատ յաճախ չենք զգար, երբ շռայլ կեանքի մը զեխութիւնները կը վայելենք:
Քաղաքները ինչպէս կը ծնին, այնպէս ալ կը մեծնան, ալեհեր մարդու նման տարիքնին կ’առնեն, բայց չեն մեռնիր, որովհետեւ իրենց երակներուն մէջ կը վազէ նոր սերունդներու թարմ արիւնը… իսկ Գալուստի պարագային, կ’երեւի տարբեր էր: Անոր տան շուրջ երբեք տուներ չկառուցուեցան եւ իր տունը մնաց հոն, խոպան դաշտի մը մէջ մինակ:
* * *
Վաղ առաւօտ մը, Աշխէն իր անկողինէն դուրս կու գայ, չորցած շրթները ումպ մը ջուրով ճեղքելու, յետոյ կ’երթայ լուսամուտները կը բանայ, զով ու անցեալի բուրմունքը գրկող օդ մը կը շոյէ անոր աշնանագոյն դէմքը, յոյսի ժպիտ մը կը ծնի աչքերուն մէջ, ականջները զարմանքով կ’ընկալեն թռչուններուն ճլուըլոցը, կուրծքը կը լայննայ եւ վաղուց մոռցուած ճիչով մը կը կանչէ Գալուստը:
Ուշացած կանչը կը մնայ անարձագանգ:
Քանի մը փորձ եւս, կը զարմանայ, ներս կը վազէ, կը բռնէ Գալուստին ձեռքը, իսկոյն կապուտակ երկինքը ձիւնամրրիկ մը կը բերէ եւ աչքերուն առջեւ կը թափէ:
Գալուստը հոն չէր, ծերացած անգղ մը պառկած էր բարձին վրայ, փակ աչքերով, որոնք միշտ ալ փակ էին: Ո՜վ գիտէ, գուցէ անոնք բանտարկած էին Գալուստին երազանքները եւ զինք դատապարտած էին խարխափելու ապագան: Այն ապագան, որ շատեր կը բաղձան գտնել, բայց երբե՛ք՝ ապրիլ:
Կարօ Արլսանեան