Եթէ երբեք Սուրիա այցելած էք եւ հարցուցած վարպետ արհեստաւորներու մասին, տեղացիներ անգամ ձեզ պիտի ուղղեն հայ արհեստաւորներու մօտ, որոնք ճանչցուած են իրենց աշխատասիրութեամբ եւ որակաւոր գործով:
«Արհեստը ապարանջան է, ուր որ երթաս հետդ կ’ըլլայ», կ’ըսէին մեր մեծերը: Հայ արհեստաւորը, ուր որ ալ գտնուած է, իր արհեստով, աշխատասիրութեամբ եւ բծախնդիր գործով ապրուստը ապահոված եւ շրջապատին մէջ լաւ համբաւ վայելած է:
Աշխատունակ եւ ստեղծագործ երիտասարդներու հետ հարցազրոյցի մեր շարքը շարունակելով այս անգամ լուսարձակի տակ կ’առնենք Սիւլահեան եղբայրները, Յովիկն ու Ռաֆֆին, որոնք կաղապարագործ են, այսինքն՝ ամէն տեսակ մետաղներ տաշող եւ ձեւաւորող (Թորնօ եւ ֆրեզա): Անոնց գործատեղին Նոր Գիւղ է: 26 տարիէ ի վեր անոնք այս արհեստով կը զբաղին: Հալէպ ծնած եւ անոր հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած զոյգ եղբայրները, միշտ միասին, ընտանիքին կառչած եւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իրենց ընտանիքները կազմած են, թէեւ դժուար պայմաններու մէջ, սակայն միշտ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ: Այլապէս ի՞նչ կրնային ընել, յանձնուի՞լ դժուարութեան…:
Սիւլահեան եղբայրներուն հետ մեր զրոյցին ընթացքին, իրազեկ դարձանք պատերազմի ինը տարիներուն իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն: «Պատերազմը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ բոլոր մարզերուն վրայ. որոշ շրջաններ ամայացան եւ պետութեան հսկողութենէն դուրս ելան, հրթիռակոծումներու վտանգին տակ կը գործէինք, բայց բարեբախտաբար մեր գործատեղին Սուրիոյ պետութեան եւ բանակին հսկողութեան շրջանին մէջ կը գտնուէր: Կենսական դժուարութիւններ ունեցանք, ինչպէս ելեկտրականութեան չգոյութիւնը: Շուրջ 2,5 տարի ելեկտրականութիւն չկար մեր գործատեղիին շրջանը, ստիպուած այլ միջոցներու դիմեցինք եւ ելեկտրականութիւն արտադրող գործիք օգտագործեցինք, որպէսզի կարենանք աշխատիլ: Երբեմն ստիպուած եղանք մեր գործիքները աւելի ապահով շրջան փոխադրելու եւ բարեկամներու խանութներուն մէջ աշխատելու: Հիմնական դժուարութիւնը այն էր, որ մեր աշխատանքին անհրաժեշտ հում նիւթերը (ալամինիոմ, երկաթ, պղինձ) շուրջ մէկ տարի անգտանելի էին շուկային մէջ, ստիպուած կ’ըլլայինք միջնորդներու ճամբով Հալէպի արուարձաններէն ապահովել զանոնք: Մինչեւ 2014 հիմնական այս դժուարութիւնները դիմագրաւեցինք, անկէ ետք կամաց-կամաց սկսաւ բարելաւուիլ վիճակը, սակայն դժբախտաբար ներկայիս սուրիական դրամի անկայուն վիճակին պատճառով գործերը նահանջ արձանագրած են, յուսանք, որ այս մէկը ժամանակաւոր ըլլայ»:
Ռաֆֆին եւ Յովիկը պատերազմի տարիներէն լաւ յիշատակներ ալ թարմացուցին. «Բարեբախտաբար պատերազմի ընթացքին դրական մեր միակ քայլը այն եղաւ, որ երկուքս ալ կրցանք մեր կեանքի ընկերները գտնել եւ ընտանիք կազմել: Մեր բնակարանները նոյնպէս անապահով օղակի մէջ յայտնուելով քանիցս տեղափոխուեցանք աւելի ապահով շրջաններ, սակայն ներկայիս արդէն վերադարձած ենք մեր բնակարանները»: Յովիկը յիշեց իր պսակադրութենէն մէկ օր առաջ Սուլէյմանիէ թաղամասին ահաւոր հրթիռակոծումը, բայց նոր կեանքի սեմին կանգնած ամոլը ապրելու իր կամքով եւ լաւատեսութեամբ առաւել զօրացած էր: «Ամբողջ հալէպահայութիւնը ապրեցաւ պատերազմի այդ ահն ու դողը, բայց հաւատացած էինք, որ միշտ բարին կը յաղթէ եւ ամէն ինչ իր ընթացքը գտաւ»:
Դիմատետրի ճամբով իմացանք, որ Սիւլահեան եղբայրները ներկայիս աշխատանքի նոր ծրագիրներ սկսած են մշակել իրենց արհեստին մէջ, արտադրելով մետաղեայ նոր տեսակի իրեր: Երբ հարց տուինք իրենց, թէ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ ի՞նչն է որ ձեզ մղեց այս փոփոխութիւնները ընելու, երբ ուրիշներ յուսահատելով նոյնիսկ իրենց աշխատանքը կը դադրեցնեն, անոնք ըսին. «Երբ որեւէ աշխատանքի ձեռնարկես, եթէ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ չմօտենաս ու կարողութեանդ չվստահիս, այդ աշխատանքը ձախողութեան կը մատնուի: Դիմատետրի ճամբով մէկ ամիսէ ի վեր սկսանք սփռել մեր արտադրած նոր տեսականին, որ տարիներու մեր աշխատանքին արդիւնքն է: Պատերազմի պատճառով մեր յաճախորդները գաղթեցին,մանաւանդ որ իրենց գործարանները վնասուեցան եւ քանդուեցան: Այս մէկը մեզ մղեց, որ շուկային բացուինք, նոր յաճախորդներ ու գործեր ձեռք բերենք եւ մեր աշխատանքը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ եւ ինչու չէ նաեւ Սուրիայէն դուրս ծանօթացնենք: Մեր գործը ընդհանրապէս պետական հաստատութիւններուն կողմէ փնտռուած է, ինչ որ իրենց գործարաններուն մէջ չեն յաջողցներ՝ մեզի կը վստահին»:
Երբ հարցուցինք իրենց, թէ ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք եւ ինչպիսի՞ դիւրութիւններ պէտք է տրուին արհեստաւորներուն, նկատի ունենալով որ բաւականաչափ արհեստաւորներ ներկայիս կը գործեն, ան ըսաւ. «Որեւէ գործի ձեռնարկումը մեծ դրամագլուխի կարիք ունի: Օրինակ երիտասարդ մը, որ նոր գործի պիտի ձեռնարկէ՝ մեծ դրամագլուխի պէտք ունի եւ երբ չի կրնար ապահովել՝ կա՛մ գաղթելու մասին կը մտածէ, կամ ալ կը գործէ համեստ շաբթականով: Այսօր վարպետ մը որքան ալ լաւ վճարէ՝ տնտեսական պայմանները չեն ներեր, որ աշկերտը այդ գումարով ընտանիք պահէ: Հիմնականը այդ առաջին նիւթական ներդրումն է կը կարծենք, որ եթէ կազմակերպութիւնները ի գործ դնեն՝ մեծապէս օգնած կ’ըլլան արհեստաւորներուն:Այսինքն՝ ոչ թէ օժանդակութիւն սնունդի, այլ աշխատանքի: Այսօր շատ մը երիտասարդներ խանութի վարձք կու տան: Եթէ կազմակերպութիւններ կամ միութիւններ նիւթապէս օգնեն արհեստաւորին, ան աշխատելով, ապա այդ գումարը կրկին վերադարձնելով՝ խանութի տէր կրնայ դառնալ»: 
Ներկայ սղաճին հետեւանքով Սիւլահեան եղբայրներուն հիմնական դժուարութիւնը իրենց գործին անհրաժեշտ հում նիւթերու սղիլն է, որ կը ստիպէ զիջիլ ձեռավարձքէն, բայց վաճառականին իրաւունքը ամբողջութեամբ վճարել: Ելեկտրականութեան անկայուն վիճակն ալ արգելք կը հանդիսանայ աշխատանքի բարւոք ընթացքին: Անոնք սակայն լաւատես են ու կը սպասեն լուսաւոր հորիզոնը:
Ռաֆֆին ու Յովիկը իրենց լաւատեսութիւնը եւ յարատեւելու կամքը կերտած են միութենական շարքերուն մէջ: Անոնք տարիներ շարունակ ծառայած են ՀՄԸՄ-ին եւ Համազգայինին: Հաւաքական կեանքին մէջ մշակուած են իրենց նկարագրային գիծերը: «Միութենական կեանքը մեզի սորվեցուց լաւատեսութիւն, ինչպէս հոն դժուարութիւններ կ’ունենանք եւ կը փորձենք ամէն ձեւով յաղթահարել զանոնք, նոյնն ալ մեր անձնական կեանքին եւ գործին մէջ կ’ընենք», կ’ըսեն Սիւլահեան եղբայրները:
Անոնք դիտել տուին, որ հայ արհեստաւորներուն թիւը աստիճանաբար կը նուազի: Այս երեւոյթը կար նախքան պատերազմը, բայց աւելի շեշտուեցաւ պատերազմի ընթացքին, երբ գաղթը ծայր առաւ, շատերու խանութները քանդուեցան, տուները վնասուեցան: Մենք հայերս զանազան արհեստներու հիմը դրած ենք Սուրիոյ մէջ, մինչեւ օրս ալ տեղացիներ կ’ըսեն. «Հայ է այս արհեստաւորը, ուրեմն գործը որակաւոր ու վստահելի է»: Ձեւեր պէտք է որոնենք, որպէսզի հայ երիտասարդութիւնը կարելի եղած չափով արհեստի տարբեր ճիւղերը, հայուն համբաւը պահէ ու զարգացնէ:
Այս նիւթին մասին զրուցելու համար կապ հաստատեցինք նաեւ նոյն արհեստի տարիներու վարպետ արհեստաւոր 62 ամեայ Տիրան Ամպարճեանի հետ, որ ներկայիս Լաթաքիոյ մէջ կը շարուակէ ընտանեկան արհեստը եւ եղած է Սիւլահեան եղբայրներուն արհեստավարժ վարպետը: Պարոն Ամպարճեան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հայ արհեստաւորները իրենց բծախնդիր աշխատանքով լաւ համբաւ ձգած են, միշտ կը զարգացնեն իրենց արհեստը, սակայն ներկայիս պատերազմի պատճառով 50 արհեստներ արդէն դադրած են Սուրիոյ մէջ: Դժուարութիւնները շատ են, տնտեսական թէ ապրուստի վերաբերեալ, սակայն աշխատասիրութեամբ, համբերութեամբ եւ ճիգ թափելով կարելի է շրջանցել այդ բոլորը:
Արհեստագիտութեան այս դարուն, անդրադառնալով ներկայ երիտասարդներուն ունեցած կարողութիւններուն, ան աւելցուց. «Այսօրուան երիտասարդութիւնը կարելիութիւններ ունի արդիւնաբերական գործիքներու եւ համակարգիչներու միջոցով աշխատանքներու ձեռնարկել: Այսօր արհեստները աւելի դիւրին կը կիրարկուին, քան մեր ժամանակներուն: Մեր փափաքն է, որ երիտասարդները մեզմէ լաւ դիրքերու հասնին: Կարեւորը այն է, որ սիրեն արհեստը եւ աշխատանք թափեն զարգացնելու զայն»:
Ան եզրափակեց ըսելով. «Այսօր յառաջադէմ երիտասարդներ ունինք, որոնց մէկ մասը ուսման մարզին մէջ, իսկ միւսը արհեստի իր ունակութիւններով ապագայ կերտելու ճամբան կ’որոնէ: Մեզի կը մնայ քաջալերել եւ ուղղել երիտասարդները»:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան