1915-ի Սարսափելի եղեռնէն եւ անոր յաջորդող երկրորդ աղէտէն՝ Կիլիկիոյ պարպումէն (1920-1922) ետք, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր կեդրոնը քայքայուեցաւ եւ Կաթողիկոսութիւնը թափառական մնաց: Ան որոշ շրջան մը թափառական մնալէ ետք, իր նաւահանգիստը գտաւ Անթիլիաս, ուր հանգչեցաւ եւ այդտեղ հաստատեց իր Կաթողիկոսութիւնն ու անոր սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը՝ 1930 թուականին:
Կաթողիկոսութեան սիրտը մօտաւորապէս քառասունեօթը տարի Անթիլիասի մէջ մնալէ ետք, 1977-1978 տարեշրջանին փոխադրուեցաւ Պիքֆայայի բարձունքը, երբ տակաւին Լիբանան կը գտնուէր պատերազմի մէջ: Այս մէկը կատարուեցաւ, որպէսզի Դպրեվանքի ուսանողութիւնը հոգեւոր կեանքի եւ մտաւորական աշխատանքի լաւագոյն պայմաններ ունենար:
Դպրեվանքը սոսկ լերան գագաթը գտնուող վանք մը չէ, այլ հայ ազգին եւ հայութեան շունչով փոքրիկ հայրենիք մը՝ ովասիս մը, օտար ափերու մէջ գտնուող: Բարձրաբերդ ամրոց մըն է, ուր մեր ժողովուրդէն պատանիներ ու երիտասարդներ կու գան եւ ուսանողութեան ութամեայ շրջանին կը տաշուին, ոսկի ու ադամանդ կը դառնան եւ կը լծուին հայ ազգի ծառայութեան:
Յաճախ մարդոց մօտ այն կարծիքը կայ, թէ Դպրեվանքը աշխարհէն կտրուած վայր մըն է, ուր մեկտեղուած կ’ըլլան աշակերտներ, որոնք կը ճգնին եւ կը լեցուին միայն կրօնական գիտելիքներով: Սակայն, ո՛չ, այս կարծիքը անվիճելիօրէն սխալ է, որովհետեւ Դպրեվանք մտնող պատանին անկէ դուրս կու գայ ո՛չ միայն կրօնական եւ բարոյական հարուստ գիտելիքներով, այլ՝ զինուած գիտական ու արտաքին ուսմանց որակով:
Դպրեվանքը հարազատ տուն կը դառնայ դպրեվանեցիին համար: Այս սրբազան կառոյցին մէջ դպրեվանեցիներ ամբողջ տարի մը կ’ապրին իբրեւ մէկ ընտանիք, որուն գլուխն է տեսուչ հայր սուրբը ու անոր օգնական հայր սուրբերը։ Անոնք իբր հայրեր ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի իրենց հայրական պարտականութիւնը ընեն Դպրեվանքի միջոցաւ իրենց զաւակ դարձած դպրեվանեցիներուն նկատմամբ:
Դպրեվանքի համալիրին մէջ կը գտնուի Սուրբ Աստուածածին մատուռը, որ դպրեվանեցիին հոգեւոր սնունդին աղբիւրն է: Տարիներ շարունակ դպրեվանեցիներ առանց ձանձրանալու այդտեղ կատարած են եկեղեցական արարողութիւններ եւ աղօթքներ: Անոնք աղօթած են մեր հայրենիքի ապահովութեան, հայ ազգի պահպանման, աշխարհի խաղաղութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Դպրեվանքի անսասանութեան համար: Այս սրբազան մատուռն է, որ դպրեվանեցիին կը կանգնեցնէ իր հաւատքի ոտքերուն վրայ, լոյս կու տայ անոր հոգիին, որպէսզի դառնայ իսկական մարդ, ճանչնալով հոգեւոր արժէքները, անկեղծութիւնն ու սրբութիւնը, սէրն ու եղբայրութիւնը: Դպրեվանեցին ամենօրեայ դրութեամբ մատուռ յաճախելով աւելի մտերիմ կը դառնայ իր արարիչին՝ Աստուծոյ հետ:
Դպրեվանքը կրթական կաճառ մըն է: Ան այն պարտէզն է, ուր մատղաշ տնկենիներ կը ցանուին պարարտ հողին մէջ եւ տարիներ շարունակ ջրուելով ուսուցիչներուն եւ հսկիչներուն կողմէ՝ կը դառնան հաստաբուն արմատներով հսկայ կաղնիներ: Դպրեվանքը միայն հոգեւոր սնունդ չի տրամադրեր իր զաւակին, այլ զայն կը լեցնէ նաեւ աշխարհիկ գիտութիւններով: Բոլոր դպրոցներուն պէս Դպրեվանքն ալ աշխարհիկ դասերու կը ծանօթացնէ, անիկա ըլլայ թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, հայոց պատմութիւն, հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ եւ այլ նիւթեր, որոնք կենսական են:
Դպրեվանքը իր զաւակներուն կը սորվեցնէ ծառայել մեր ժողովուրդին առանց ձանձրանալու: Այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, թէ երէկ եւ այսօր հայապահպանման հիմնական բնագաւառներուն մէջ դպրեվանեցիներ ծառայական ներկայութիւն են՝ դպրեվանքէն իրենց առածը մեր ժողովուրդին տանելու ամբողջանուէր գիտակցութեամբ: Դպրեվանքի կարգախօսներէն մէկն է «ծառայել Աստուծոյ՝ հայ ժողովուրդին ընդմէջէն» նուիրական նշանաբանը: Դպրեվանքին ջամբած հոգեւոր եւ իմացական եզակի դաստիարակութիւնը իր նպատակը կը գտնէ ամբողջ կեանք մը ծառայութեամբ ապրելուն մէջ:
Դպրեվանքը իր ուսանողը ինքնազարգացման մղող իւրայատուկ կրթօճախ է: Մատենադարանի հին եւ նոր գիրքերու զգլխիչ բոյրն ու դեղնաւուն թէ փայլուն էջերը դպրեվանեցիները գիտութեամբ կը լեցնեն: Դպրեվանեցին յափշտակութեամբ կը կարդայ այդ էջերը, նոր բան մը սորվելու հետաքրքրութեամբ: Ան մատենադարանէն գիրքեր կ’առնէ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ նիւթերու շուրջ:
Դպրեվանքի հայելին կը հանդիսանայ «Գլաձոր» տարեգիրքը, որ ծնունդ առած է 1956-1957 տարեշրջանին: Ան աստուածաբանական հարցեր շօշափող, գիտական յօդուածներու ժողովածու, բանասիրական քննարկումի սիւնակներով հարուստ հանդէս մը չէ սոսկ, այլ նաեւ՝ եկեղեցւոյ ապագայ սպասաւորին, հայ գիրի ու դպրութեան վաղուան մշակին, մտաւորականին ու խմբագրին նախափորձերը ի մի խմբող հատոր մը: Անիկա 12-էն 20 տարեկան տղոց մտածումներուն եւ յոյզերուն պտուղն է, որ ընթերցողին կը հրամցուի պարզ, բայց խնամուած լեզուով:
Դպրեվանքը ունի իր «Արմաշ» երգչախումբը: Այս երգչախումբը տասնեակ տարիներու վաստակ ունի: Ան բազմաթիւ համերգներ տուած է, որ հիացուցած է հանդիսատեսը, ասոնցմէ մէկն է Պոլսոյ մէջ տուած համերգը 2016-ին: Դպրեվանքը այսպիսով իր մշակութասէր ու մշակութապահպան ոգին կ’արտայայտէ, ժողովուրդին մօտ հայ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահելով՝ եկեղեցական ու հայրենասիրական երգերու նկատմամբ:
 Դպրեվանքը եղած է ու կը մնայ գլխաւոր հարստութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան. մարդուժի, ոգեկան, կրօնաբարոյական գիտութեան եւ ծառայութեա՛ն հարստութիւնը: Մտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ հայ կեանքը առանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Քանի՜-քանի՜ հոգեւոր թէ աշխարհական առաջնորդներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հասարակական կեանքի նուիրեալներ իրենց ծառայական կեանքին պատրաստութիւնը կը պարտին Դպրեվանքին: Կ’արժէ թիւերն ու գնահատականները ունենալ մեր դիմաց՝ անդրադառնալու համար, որ անցնող 90 տարիներուն Դպրեվանքը ի՞նչ տուաւ մեզի:

Հետեւաբար, սիրելի ընթերցողներ, աղօթեցէք Դպրեվանքին համար, որպէսզի ան շարունակէ մեր ժողովուրդին ծառայել: Խնդրեցէք մեր Տիրոջ ու Փրկչէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն, որ զօրացնէ դպրեվանեցիները, որպէսզի անոնք կարենան գոհացնել մեր ժողովուրդին ծով կարիքները: Եւ վերջապէս, սիրելիներ, աղօթեցէք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր հովուապետին՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին համար, որպէսզի Ան շարունակէ առաջնորդել մեզ Իր հայրական օրհնութեամբ:

Շանթ Կիս. Սրկ. Գատեհճեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Պիքֆայա, Լիբանան