Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ի միջօրէին, Հասիչէի ՍՕԽ-ի «Լոռի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այցելեց Մար Մանսուր ծերանոց, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ ծերանոցի տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին հետ, ապա իր պատրաստած ճաշն ու հիւրասիրութիւնը ծերանոցի բնակիչներուն մատուցեց, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ջերմ պահեր պարգեւելով տարեցներուն։