Համազգայինի Պէյրութի «Վահէ Սէթեան» տպարանին կողմէ լոյս տեսած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» արխիւային փաստաթուղթերու բազմահատոր ժողովածուի ԺԳ. Հատորը։
Այս հատորը կը ներկայացնէ 1916-1918 թուականներուն, Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդի վիճակն ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերող փաստաթուղթեր, Կովկասի, Եգիպտոսի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։
ՀՅԴ հիմնադիրներէն Ռոստոմ կը հանդիսանայ մղիչ ուժն ուն առաջին գործիչը որ զբաղի կուսակցութեան արխիւներն ու
փաստաթուղթերը հաւաքելու եւ պահպանելու գործով: Ռոստոմի շնորհիւ էր, որ Եղեռնի նախօրէին` 1914 թուականի վերջերուն, սնտուկներու մէջ դասաւորուեցան ու Կ. Պոլսէն Սոֆիա տեղափոխուելով` ի վերջոյ Ժընեւի մէջ հանգրուանեցան «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան շէնքին մէջ պահուող Արեւմտեան Բիւրոյի եւ Հայաստանի Բիւրոյի Կ. Պոլսոյ հատուածի կարեւոր վաւերագրերը` նախքան անոնց մնացած մասի բռնագրաւումը 1915-ի Ապրիլ 11-ի գիշերը:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն, կուսակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին` 1919 թուականին, կը ստեղծուի երեք հոգիէ բաղկացած (Վարանդեան, Վրացեան, Ռուբէն) յատուկ մարմին, որը պէտք էր զբաղուէր ՀՅԴ արխիւները կարգի բերելու եւ հրատարակելու գործով: Սակայն այդ գործը զանազան պատճառներով կանգ կ՚առնէ:
Միայն 1920-ական թուականներէն ետք, «Հայրենիք» ամսագիրը կը սկսի պարբերաբար հրատարակել դաշնակցական գործիչներու յուշագրութիւները, որոնք գրի կ՚առնուէին Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ, իսկ 1933 թուականին Աղբալեանի կը միանայ Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Վէմ»-ը:
1930-ական թուականներուն Սիմոն Վրացեանը մասամբ կատարեց 9-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումը` հրատարակելով «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան» փաստաթուղթերու ժողովածուի 2 հատորները: Նոյն տարիներուն այդ գործը շարունակեց Աբրահամ Գիւլխանդանեանը: Ան առաջինն էր, որ կանոնաւոր ձեւով դասաւորեց ու համարակալեց ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու թղթածրարները: Այդ ժամանակ էր, որ արխիւը Ժընեւէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ, որտեղ մնաց Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, որմէ ետք տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ` սկիզբը «Հայրենիք»-ի խմբագրութեան առաջին շէնքին մէջ եւ ապա Պոսթընի արուարձան Ուոթըրթաունի շէնքի ստորգետնեայ պահեստարանին մէջ:
1980-ականներուն սկսաւ հրատարակուիլ ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները ներառող «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ժողովածուի առաջին հատորներու շարքը: Սիմոն Վրացեանի սկսած գործը շարունակած եւ առաջին չորս հատորները հրատարակած ու հինգերորդ հատորին մէկ մասը տպագրութեան նախապատրաստած է Հրաչ Տասնապետեանը, որուն մահէն ետք այդ մեծ գործը իր ուսերուն վրայ առած եւ բարեխղճօրէն կատարած է Երուանդ Փամպուքեանը: