Յարգելի՛ գործընկերներ, 13 Փետրուար 2020-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ’ունենայ «ՀՅ Դաշնակցութեան տեղն ու դերը Արցախի պետականութեան վերակերտման մէջ» նիւթով միջազգային գիտաժողով` նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախ վերադարձի 30-ամեակին: Մասնակցութեան դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ 5 Փետրուար 2020` հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով՝ aparajkk@yahoo.com: Գիտաժողովին կարելի է մասնակցիլ առկայ եւ հեռակայ ձեւով: Աշխատանքային լեզուներն են` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն: Գիտաժողովի արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի հրատարակուի գիտական աշխատանքներու ժողովածու: Գիտաժողովի զեկուցաբերներուն կեցութեան ծախսերը պիտի հոգայ կազմակորպիչ կոմիտէն: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել հետեւեալ հեռաձայնի թիւին` +37447953843: Յարգանքներով` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի գիտաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէ