ՏԵՂԱԿԱՆ

 

Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Իթթիհատի խումբը Դամասկոսի մէջ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Սուրիոյ բազմակի ախոյեանը՝ Ճէյշը 3-2 արդիւնքով: Փուլի մնացեալ արդիւնքները կրեցին հետեւեալ պատկերը՝ Թիշրին – Ֆութուէ 4-1, Ուահտէ-Քարամէ 2-0, Ճապլէ-Ճեզիրէ 1-0, Նաուաիր-Շրթա 2-0, Հութին-ալ Սահէլ 1-1:
-Հըթթին խումբի մարզիչ Հուսէյն Աֆաշ ներկայացուց իր հրաժարականը: Աֆաշի հրաժարականէն ետք, ակումբը մարզիչի պաշտօնը վստահեցաւ իր նախկին խաղացողին՝ Զիատ Շաապոյին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՑՈՂ ՔՈՊԻ ՊՐԱՅՆԹ ՄԱՀԱՑԱՒ
Կիրակի երեկոյեան միջազգային բոլոր լրատուամիջոցները անակնկալօրէն գոյժեցին Ամերիկայի NBA-ի պատմութեան լաւագոյն խաղացողներէն Քոպի Պրայնթի մահը օդանաւի մը արկածին հետեւանքով: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Պրայնթ իր անձնական օդանաւով, երեք ընկերներու եւ 13-ամեայ դստեր հետ կը կատարէր պտոյտ ճամբորդութիւն մը, երբ օդանաւը կրակ առնելով ենթարկուեցաւ արկածի: Լոս Անճելոսի ոստիկանատունը յայտարարեց, որ արկածին հետեւանքով մահացած են հինգ անձեր, որոնց մէջ ներկայ չէր Քոպիի տիկինը՝ Վանիսիան: 1978-ի ծնունդ ամերիկացի խաղացողը 1996-ին մաս կազմեց Լոս Անճելոս Լէյքըրզ խումբին մինչեւ 2016: Քսան տարիներու ընթացքին ան խումբին հետ արժանացաւ խմբային եւ անհատական բազմաթիւ տիտղոսներու եւ դարձաւ Ամերիկայի ախոյեանութեան լաւագոյն խաղացողներեն մէկը:
ՄԱՆԷ ԵՐԵՔ ՇԱԲԱԹՈՎ ՊԻՏԻ ՀԵՌԱՆԱՅ ԴԱՇՏԷՆ
Անգլիական «Լիվըրփուլ»ի յարձակող Մանէ վիրաւորուելուն պատճառով երեք շաբաթ պիտի չմասնակցի խումբին մրցումներուն: Ըստ Liverpool Echo-ին, սենեկալցի խաղացողին դարմանումը եթէ յաջող ընթանայ, ան պիտի կարենայ Փետրուարի կիսուն վերադառնալ դաշտ: Լիվըրփուլի յարձակողը վնասուած է Փրեմիէր լիկայի ընթացքին, Վուլվերհեմթոնի դէմ տեղի ունեցած խաղին եւ փոխարինուեցաւ խաղի 33-րդ վայրկեանին: Ան պիտի բացակայի յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք Վեստ Համի եւ Սաութհեմթընի մրցումներէն:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԶԻՋԵՑԱՒ ՎԱԼԵՆՍԻԱՅԻՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 21-րդ փուլի մրցումներուն, Շաբաթ օր քաթալոնական Պարսելոնան 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ հիւրընկալ Վալենսիային: Սոյն մրցումին Պարսելոնան չկրցաւ ներկայանալ լաւ խաղարկութեամբ, ստացաւ երկու կոլ՝ պաշտպանողական խաղացողներու թերացումներուն հետեւանքով: Մրցումի աւարտին Պարսելոնայի մարզիչ Քիքին ըսաւ, որ խաղացողները չհետեւեցան իր ցուցմունքներուն, եւ այդ պատճառով պարտութեան մատնուեցան: Խումբի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսի իր կողմէն՝ պարտութիւնը մարզիչին վերագրեց:
ՀԻՆԳ ԿՈԼ 59 ՎԱՅՐԿԵԱՆՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Նորուեկիոյ երիտասարդ խաղացող Արլինկ Հալանտ մեծ անակնկալի առջեւ դրաւ ֆութպոլի հետեւողները, երբ իր բարձրորակ խաղարկութեամբ կրցաւ հանդէս գալ իր նոր խումբին՝ Պորիսիա Տորթմոնտին հետ: Արլինկ գերմանական խումբին միացաւ ձմեռնային փոխադրաշրջանին: Ան նախապէս մաս կը կազմէր Աւստրիոյ Ռետպուլ Սալզպուրկին: 19 տարեկան երիտասարդը իր նոր խումբին հետ մասնակցեցաւ երկու մրցումներու, խաղալով միայն 59 վայրկեան: Ան այս ժամանակամիջոցին մէջ յաջողեցաւ հինգ կոլ նշանակել: Աւելցնենք, որ Հալանտ իր նախկին խումբին հետ մաս կազմած է 24 մրցումի եւ նշանակած՝ 33 կոլ:
ՔԱՒԱՆԻ ՄՕՏ Է ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏԻՆ
Սպանական մամուլը Կիրակի օր յայտարարեց, որ Ֆրանսայի Փարիզ սան Ժերման խումբի ուրուկուէյցի խաղացող Քաւանի յառաջիկայ օրերուն պիտի միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտին: Անոր բժշկական քննութիւնները յաջողութեամբ ընթացած են, ակումբի ղեկավարները գոհ մնացած են քննութիւններու դրական արդիւնքէն: Ըստ լրատուամիջոցներու, Քաւանի առաւելագոյնը մինչեւ Փետրուարի սկիզբը պիտի ստորագրէ իր նոր պայմանագրութիւնը: Յիշենք, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Աթլեթիքօ Մատրիտ դուրս մնաց Սպանիոյ թագաւորի բաժակի մրցումներէն, որուն հետեւանքով խումբին մարզիչը պատասխանատուներէն պահանջեց կազմին միացնել յարձակողական խաղացող մը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան