Այս տօնը ամէն տարի տեղի կ’ունենայ Օգոստոսին, Քեսապի Էսքիւրան գիւղին մէջ:
Էսքիւրան՝ գիւղս, ամէն տարի կը սպասէ այդ օրուան:
-Ժամանակին, քեսապցիներս այս տօնը Կասիոսի կողերուն, Պալլումի մէջ կը տօնէինք:
Տօնէն մէկ շաբաթ առաջ լեռ կը բարձրանային, մեծ պատրաստութիւն կը տեսնէին, -մեծ հայրս է պատմողը:
Պատմական Պալլումին փոխարինած է Էսքիւրանը, իր հսկայ սօսի ծառով եւ շատ պզտիկ մատուռով:
Հարիւր տարեկան սօսի ծառին տակ հաւաքուած են հայեր Հալէպէն, Լաթաքիայէն եւ հիւրընկալ քեսապցիներ՝ ուրախութեան: Բոլոր ամառը անհամբեր սպասած են այս տօնը, որ տարբեր է եկեղեցական միւս տօներէն:
Մատաղացուներու զինում է, անկէ ետք իրիկնամուտին ծայր կ’առնէ քէֆը:
Հոծ բազմութիւնը կը բոլորուի ծառին շուրջ, հերիսայի կաթսաներուն տակ կրակը կը բոցավառի: Թմբուկի եւ զուռնայի ձայնը ոտքի կը հանէ քեսապցի տղամարդիկը: Անոնք ձեռք-ձեռքի կու տան, բռունցք կը կազմեն դէմքերնին դէպի Լեռը, որուն գագաթէն,-կ’ըսեն, – կ’երեւան Միջերկրականի ափերէն հեռու Հալէպի ուրուագիծերը:
Կը զարթնի ու կը թնդայ «Կերմէր Ֆստան»ը՝ քեսպցիներուն պարը: Թմբուկի զարկերուն հետ պարողներուն բացագանչութիւնները կը զօրանան, շուրջպարի կլորը կ’ընդարձակուի երբ երիտասարդներ,նոյնիսկ փոքրեր կը մասնակցին պարին: Հեռու քաղաքներէն եկած ուխտաւորներ կը դիտեն քեսապցիներուն պարը, անոնցմէ աւելի համարձակները կը միանան պարողներուն:
Ամէն մէկ ոտքի զարկ նոր յաղթանակ է,նոր յոյս, այս պարը օր մը լերան վրայ Պալլումի մէջ պարելու:
Խնճոյքը կը շարունակուի մինչեւ առաւօտեան ժամեր, սպասելով Սրբազանին ժամանումին, որ պիտի գայ պատարագելու եւ հերիսան օրհնելու:
Ասդիէն անդիէն կը լսուին տարբեր ձայներ.
-Աստուծոյ օրհնութիւնը թող իջնէ այս մատաղին վրայ:
-Խէրով-բարով աւարտի այս տարուան Աստուածածինը:
-Ամէն տարի այս օրերուն:
Ամէն տարի այս օրերուն, Աստուածածի՛ն, Աստուածածի՛ն:
Սերոբ Դանիէլեան
ԺԲ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
ԺԲ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան