Մարդ որքան ալ փորձէ ուշադիր ըլլալ լեզուին հանդէպ, – անշուշտ եթէ ըլլա՜յ,– կու գայ պահ մը, ուր լեզուն կը յաջողի անոր առջեւ լարել այնպիսի ծուղակներ, ուր սխալը շատ աւելի թելադրական ու հրապուրիչ կը թուի, քան ճիշդը, ուր հաճոյքով կ’իյնանք գրեթէ բոլորս ալ եւ որոնց դիմաց բարիկամեցողութիւնը այնքան ալ ազդու զէնք մը չէ, այլ պէտք է ուրիշ բան եւս…
Ստորեւ պիտի տեսնենք այդպիսիներէն փոքրիկ փունջ մը:
* *
***Բացօթեայ-բացօդեայ
Այս բառը առաջին անգամ լսողին համար ամէնէն «բնական» բանն է ենթադրել, թէ ան կ’ակնարկէ բաց օդի, ազատ օդի, արգելքէ զերծ՝ օդասուն վայրի մը, տեղի մը, ուր կարելի է ժամանակ անցընել կամ կը գիշերել՝ հանգիստ օդ առնելով…ըստ այնմ ալ կողմնորոշուիլ ի նպաստ երկրորդին՝ բացօդեայ-ին:
Բայց եւ այնպէս բառս աւելի քան 1600 տարուան հնութիւն ունեցող բացօթեայ բարդ ձեւն է, որուն երկրորդ արմատն է օթ, որ, ըստ Ռուբէն Ղազարեանի, կը նշանակէ՝
ա) գիշերել, օթեւանիլ
բ) գիշերելու տեղ, օթեւան
«Նոր հայկազեան»-ը եւ Ղազարեանի «Գրաբարի բառարան»-ը այս արմատով համահունչ կու տան 28 բառեր, որոնց 25-ին մէջ օթ արմատը նախադաս է, օրինակ՝ օթեւանիլ, օթագայիլ, օթատուն, օթեակ, օթեւան, օթեկ[1] եւ այլն, իսկ երկուքին մէջ՝ ան յետադաս է, ինչպէս՝ բացօթեայ, բացօթել:
Աշխարհաբարը ասոնց վրայ աւելցուցած է միայն գիշերօթիկ ծանօթ բառը, որ կ’ակնարկէ դպրոցի այն տեսակին, ուրկէ ուսանողը ամէն օր իր տունը վերադառնալու փոխարէն կրնայ գիշերել ու սնանիլ տեղւոյն վրայ:
Ժամանակի ընթացքին այս բառերու մէկ մասին,– մասնաւորաբար՝ բացօթեայ-ին,– իմաստը սկսած հեզասահօրէնէ նսեմանալ, տարտամիլ հայու գիտակցութեան մէջ, եւ այսպիսիներուն համար ան հնչած ու շփոթուած է բացօդեայ-ով: Այլ խօսքով՝ օթ[2]-ը հայուն գիտակցութեան մէջ իր տեղը զիջած է օդ-ին:
Այսպէս զգացող, մտածող ու գրողներուն թիւը այնքան աւելցած է, որ բառարանագիրները զայն նկատած են նուիրական սխալ մը եւ մուծած են իրենց աշխատութեանց մէջ. այս մէկը յատուկ է բոլոր արեւելահայ բառարաններուն, ուր կը գոյակցին բացօթեայ, եւ բացօդեայ որ, ըստ Աճառեանի, «բաւական ընդհանրացել է տգէտների համար»:
Արեւմտահայ բառարաններէն զայն ունին Գայայեանն ու Տէր Խաչատուրեանը: Իսկ ընթացիկ շփոթն ու զառածումը անշեղօրէն կը գործեն երկուստեք:
Կու տամ այս երկւութիւնը «բացատրող» բառարանային նմուշներ.
ա) Աղայեանէն
«Բացօդեայ–բաց օդում, շէնքերից դուրս
«Բացօթեայ–բաց օդում, բաց երկնքի տակ
բ) Գայայեանէն
«Բացօդեայ–դուրսը, բաց տեղ, դաշտը, բաց օդի մէջ
«Բացօթեայ–բաց օդին մէջ
Իրապէս տարբեր բան մը կ’ըսե՞ն այս կրկնակ «բացատրութիւնները»,– անշուշտ ո՛չ, եւ այս ալ կը հաստատէ այն խոր արուեստականութիւնը, որ կը զանազանէ, տարբեր կը նկատէ բացօթեայ-ն եւ բացօդեայ-ն: Այլ խօսքով՝ ոչ մէկ արդարացում ունէր բացօդեայ-ին հնարումը եւ որդեգրումը, ընդհակառակը, մնայուն շփոթի ու անհաճոյ երկւութեան աղբիւր է ան միայն:
* *
*
Ամբողջացնելու համար աւելցնեմ, որ մեր լեզուն ունի նաեւ օթոց բառը, որ կը կրէ երկու տարբեր նշանակութիւններ. «Նոր հայկազեան»-ի բացատրութամբ՝
ա) ծածկոյթ, արկանելի (այսինքն՝ վրան առնուող, վրան նետուող – ԱԵ), վերարկու, զգեստ, հանդերձ, կրկնակ («շալ» կոչուածը – ԱԵ):
բ) ծածկոյթ անկողնոյ («պաթանիա» կոչուածը – ԱԵ), կապերտ՝ գործեալ թաւ մազօք:
«Նոր հայկազեան»-ի հեղինակը եւ Ռուբէն Ղազարեան այս երկու վերջինները չեն զանազաներ մնացեալ 28 բառերէն, որոնց ակնարկուեցաւ վերը, իսկ Աճառեան կը մտածէ, թէ այս երկուքը կապ չունին այդ 28-ին հետ:
***Անդուլ-անթուլ
Բառիս հարազատ ձեւը առաջինն է, որուն դուլ արմատը, սակայն,– որ կը նշանակէ հանգիստ, դադար,– այնքան ալ ծանօթ չէ աշխարհաբար մտածողութեան, այս պատճառով ալ արդի հայը, երբ կը լսէ կամ կը մտաբերէ անդուլ արտասանութիւնը, հակամէտ է բառս անթուլ մեկնաբանելու, քանի թուլ արմատը շատ կենսունակ է եւ իրեն կը քաշէ մեր ուշադրութիւնը: Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը իմաստային որոշ հանգիտութիւն ալ ունին այս երկուքը. մինչ «անդուլ» կը նշանակէ անդադար, «անթուլ» իր կարգին կը յուշէ չթուլացող, յարատեւ գործող: Սակայն եւ այնպէս, հայերէնը անթուլ բառ չունի. ոչ մէկ բառարանի մէջ մտած է ան: Բոլորին մէջ կը գտնենք անդուլ:
Կարելի է, ուրեմն, եզրակացնել, որ աս պարագային զառածումը յատուկ է միայն ռամիկին, ժողովուրդին, որմէ կը զանազանուին բառարանագիրները՝ անտեսելով անթուլ-ը:
Դուլ արմատով ունինք հետեւեալ ծանօթ ու կենսունակ բառերը՝ գործադուլ, դասադուլ, հացադուլ, ճաշադուլ, մսադուլ:
***Lézard
Օրին, բնական աղէտի մը առիթով, ֆրանսացի թղթակից մը, նկարագրելէ ետք վնասները, կը տեղեկացնէր իր թերթին, որ «lezards-ներ գոյացած են խորհրդարանի պատերուն վրայ եւս»: Ենթադրաբար կ’ակնարկուէր Ֆրանսայի խորհրդարանին:
Այս բառը ֆրանսերէն կը նշանակէ մողէզ, իսկ նմանողաբար կը նշանակէ նաեւ ճեղք, խոռոչ, որ կը յառաջանայ որեւէ ցնցումէ, օրինակ՝ երկրաշարժէ: Անշուշտ աւելորդ է ըսել, որ այդ թղթակիցը ի մտի ունէր այս երկրորդ իմաստը:
Բայց եւ այնպէս, արեւմտահայ քաջարի լրագրող մը իր թերթին իսկոյն կը հասցնէ լուրին թարգմանութիւնը, թէ…«Խորհրդարանի պատերուն վրայ մողէզներ երեւցած են»:
Է՜հ, մեզ (արեւմտա)հայ են ասում..
Հապա՜՜՜՞՞՞…
_____________________________________________________
[1] Լման ցանկը կը խնայեմ՝ ընթերցողը յղելով «Արմատական»-ին:
[2] Բացօթեայ կը նշանակէ օթեւանէ, ծածկէ, երդիքէ դուրս, ազատ բնութեան մէջ, ուր, օրինակ, յաճախ կը գիշերեն ու կը քնանան ալ հովիւները, ճամբորդները, զինուորները, բանակողները եւ այլն:
Արմենակ Եղիայեան