Մանկութեան յաճախ մեր ծնողներն ու ուսուցիչները մեզի սպառնացած են ականջ քաշելով, որ սարսափելի պատիժ կը թուէր։ Ներկայիս, սակայն, կարգ մը ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ ականջի որոշ կէտերը սեղմելը կրնայ բազմաթիւ առողջապահական հարցեր լուծել։
Մարդու մարմինին արտաքին օրկանները կրնան մեծ դեր խաղալ ներքին օրկաններու բուժման ու բնականոն աշխատանքի պահպանման մէջ։ Այս առումով, քիչերու յայտնի է, որ ականջը բացի լսելու զգայարանքի հիմնական միջոց ըլլալէ, կը ծառայէ նաեւ որպէս բազմաթիւ հիւանդութիւններ բուժելու միջոց։ Իւրաքանչիւր ականջի վրայ կայ մարդու մարմինին ամբողջական քարտէզը։
Ականջներուն մէջ կը գտնուին բազմաթիւ ջիղերու ծայրեր, որոնք ջղային համակարգին միջոցաւ կապուած են մարմինի ներքին օրկաններուն։ Իւրաքանչիւր ականջի վրայ կան վեց կէտեր, որոնք կապուած են մարմինի որոշ բաժինի մը։ Այս կէտերը ունելիով մէկ վայրկեան սեղմելը զգալի փոփոխութիւններ կրնայ յառաջացնել։
Կէտ 1
Այս կէտը կապուած է մէջքին եւ ուսերուն հետ։ Սեղմելով կէտ 1-ը մէկ վայրկեան, կրնաք ձերբազատիլ մէջքի եւ ուսերու պրկուածութենէն։ Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է նստակեաց կեանք ապրողներուն եւ գրասենեակային աշխատանքներ կատարողներուն համար։
Կէտ 2
Այս կէտը կապուած է ներքին օրկաններուն հետ։ Եթէ ներքին անյարմարութիւն կը զգաք, չափազանց յոգնած էք եւ կը տառապիք գերլարուածութենէ, ունելին մէկ վայրկեան ամրացուցէք այս կէտին վրայ. քսան երկվայրկեան անց արդէն պիտի սկսիք թեթեւութիւն զգալ։
Կէտ 3
Այս կէտը կապուած է յօդերուն հետ։ Սեղմեցէ՛ք այս կէտը յօդացաւն ու յոգնածութիւնը ձեր մարմինէն վանելու համար։ Այս կէտը սեղմելը յատկապէս կարեւոր է այն անհատներուն համար, որոնք աշխատանքի բերումով ամբողջ օրը համակարգիչին դիմաց նստած կ’անցընեն։
Կէտ 4
Այս կէտը կապուած է քիթին ու կոկորդին հետ։ Զայն սեղմելը կը բանայ խցուած քիթը եւ կը վերացնէ կոկրդի ցաւը։
Կէտ 5
Այս կէտը կապուած է մարսողական համակարգին հետ։ Ունելիով մէկ վայրկեան զայն սեղմելը կը թեթեւցնէ ստամոքսի անհանգստութիւնը եւ աղիքներու ցաւը։ Այս մէկը կարելի է կիրարել նաեւ իբր կանխարգելող միջոց։
Կէտ 6
Այս կէտը կապուած է սրտին եւ գլուխին հետ։ Ունելին օրական մէկ վայրկեան այս կէտին վրայ պահելը կը կանոնաւորէ սրտին աշխատանքը եւ կը հեռացնէ միկրէնն ու գլխացաւը։
ԱԿԱՆՋԻՆ ՁԵՒՆ ՈՒ ՄԱՐԴՈՒ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ըստ չինական հնագոյն գիտութիւններու, կարելի է մարդուն բնաւորութիւնը կրահել անոր ականջին ձեւէն։ Ուրեմն, առէ՛ք ձեր հայելիները ու եկէ՛ք միասնաբար բացայայտնենք մեր բնաւորութեան գաղտնիքները։
ԲԼԹԱԿԸ ՓԱԿԱԾ ԱԿԱՆՋՆԵՐ
Այս ձեւով ականջները ամէնէն ընդհանրացածներն են։ Այսպիսի ականջ ունեցողները ծայրայեղ բնաւորութիւն կ’ունենան։ Անոնք կ’ըլլան գուրգուրոտ եւ ընկերային, ուրիշին զգացումները հասկնալու մեծ կարողութիւն ունին։ Սակայն կրնան ըլլալ նաեւ ծայր աստիճան պահանջկոտ ու քիչ մըն ալ ինքնակեդրոն։
ՆԵՂ ՈՒ ԵԿՐԱՐ ԱԿԱՆՋՆԵՐ
Նեղ ու երկար ականջներ ունեցողները կ’ըլլան գաղտնապահ։ Անոնք շատ ընկերային չեն եւ կը նախընտրեն մինակ ժամանակ անցընել։ Հակառակ որ ճարտասան ըլլալու չափ լաւ խօսողներ են, սակայն կը խուսափին երկխօսութիւններէ ու վէճերէ։ Անոնց այս պահպանողական մօտեցումը կրնայ շրջապատին կողմէ սխալ բացատրուիլ։
ՍՈՒՐ ԱԿԱՆՋՆԵՐ
Հակառակ ընդհանրացած կարծիքին, սուր ականջ ունեցողները չար մարդիկ չեն։ Անոնք միշտ արթուն են եւ լաւ կը սերտեն իրենց շրջապատը։ Անոնց միտքը իրենց ականջներուն պէս սուր է։ Անոնք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն նոյնիսկ ամէնէն յետին մանրամասնութեան, եւ իւրաքանչիւր բառ որ կ’արտասանեն լաւապէս սերտուած ու չափուած կ’ըլլայ։
ԿԼՈՐ ԱԿԱՆՋՆԵՐ
Կլոր ականջ ունեցողները կ’ըլլան հաւատարիմ ու առատաձեռն։ Անոնց հետ ընկերանալը կրնայ չափազանց դրական փորձառութիւն մը ըլլալ, սակայն չկարծէք թէ դիւրին բան է։ Անոնք որեւէ մէկուն հետ չընկերացած լաւ կը սերտեն ու դիւրութեամբ չեն բանար սրտին դռները։ Անոնք արագ կը ներեն, բայց բնաւ չեն մոռնար։
ՔԱՌԱԿՈՒՍԻ ԱԿԱՆՋՆԵՐ
Այս ձեւը ամէնէն հազուագիւտ ձեւերէն մէկն է։ Քառակուսի ականջ ունեցողները իւրայատուկ մարդիկ են, ունին անսահման երեւակայութիւն եւ մտային մեծ կարողութիւններ։ Ընդհանրապէս այսպիսի ականջ ունեցողները կ’ըլլան մեծ արուեստագէտներ, գիտնականներ ու քաղաքական գործիչներ, որոնք փոփոխութիւն կը բերեն իրենց շրջապատին մէջ։
ՏՆԿՈՒԱԾ ԱԿԱՆՋՆԵՐ
Եթէ ունիք տնկուած ականջներ, ուրեմն շատ իւրայատուկ բնաւորութեան տէր անձ էք։ Ընդհանրապէս տաքարիւն էք ու կրակոտ բնաւորութիւն ունիք։ Համբերանքն ու սպասումը ձեր բառարանին մէջ տեղ չունին, այդ պատճառով ալ արագաշարժ էք եւ ձեզի վստահուած գործը կ’ամբողջացնէք կատարեալ ձեւով եւ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին մէջ։