«Ապառաժ».-31 Յունուարին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանն ու Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեան պատգամաւորական հանդիպումներ ունեցած են Մարտունի շրջանի Սօս եւ Մաճկալաշէն համայնքներու բնակիչներուն հետ:
Պատգամաւորները անդրադարձած են վերջին 5 տարիներու ընթացքին Ազգային ժողովի եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան կողմէ իրագործուած ծրագիրներուն, երկրի տնտեսական զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն:
Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ ԱՀ Ազգայի Ժողովի մէջ ընդունուած օրէնքներէն «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է, մասնաւորապէս` «հողային օրէնսգիրքի լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «ընդերքի մասին ԼՂՀ օրէնսգիրքի փոփոխութիւն կատարելու մասին», ԱՀ նոր Սահմանադրութեան, «ԱՀ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ԱՀ օրէնքներուն:
Վահրամ Բալայեան անդրադառնալով արտաքին ճակատի վրայ կատարուած աշխատանքներուն` դիտել տուած է, որ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան սերտ գործակցութեան շնորհիւ ընդլայնած է Արցախի բարեկամներու շրջանակը եւ կանխուած է եւրոպական տարբեր կառոյցներուն Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնած հակաարցախեան շարք մը բանաձեւերու ընդունումը:
Հանդիպումին մասնակիցները նաեւ շարք մը հարցադրումներ ուղղած են պատգամաւորներուն: