Չինաստանի ՀՀ դեսպանութենէն յայտնած են, որ նկատի առնելով Չինաստանի մէջ քորոնա ժահրի տարածման իրավիճակը, շարք մը միջազգային օդանաւային ընկերութիւններ աստիճանաբար կը սահմանափակեն իրենց թռիչքները Փեքինէն եւ Չինաստանի այլ քաղաքներէն:
Չինաստանի տարածքին մէջ գտնուող քաղաքացիներուն օդակայան մեկնելէ առաջ անհրաժեշտ է նախօրօք կապուիլ տուեալ օդանաւային ընկերութեան հետ` ճշդելու թռիչքի մասին տեղեկութիւները:
Չինաստանի ՀՀ Դեսպանութիւնը խորհուրդ տուած է ՀՀ քաղաքացիներուն տեղափոխուիլ մօտակայ քաղաք` ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ այլ ուղիներով թռիչք կատարել Հայաստան` նախօրօք ճշդելով տուեալ օդանաւային ընկերութեան կարգաւորումները:
Դեսպանութեան եւ ՀՀ ԱԳՆ կողմէն քայլեր ձեռնարկուած են նման զարգացումները կանխելու համար: Միեւնոյն ժամանակ կը տեղեկացնենք, որ դեսպանութիւնը անընդհատ կապի մէջ է Չինաստանի մէջ գտնուող եւ իրենց մասին յայտնած բոլոր ՀՀ քաղաքացիներուն հետ եւ կ’արձագանգէ բոլոր հարցադրումներուն: