Թուրքիոյ նախագահ, իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունելու առնչութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան:
Թուրքիոյ նախագահը, անգամ մը եւս փորձելով ցոյց տալ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան առումով Թուրքիան մեղադրողներու պատմութիւնն ալ մաքուր չէ, ըսած է. «Ալճերիա կատարած այցելութեանս ընթացքին նախագահ Ապտուլմեճիտ Թեպպուն ինծի ըսաւ, որ Ֆրանսան կոտորած է իր հայրենակիցներէն 5 միլիոնը»:
Ապա Էրտողան անգամ մը եւս յիշելով, որ իրենք կը պահանջեն բանալ բոլոր արխիւները, ըսած է. «Ֆրանսայի նախագահը այս բաները չի գիտեր, անոր պէտք է այս բոլորին մասին պատմենք»:
Յիշեցնենք, որ օրերս Մաքրոն մասնակցած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կողմէն կազմակերպուող ամենամեայ ընթրիքին: Նախաձեռնութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, Մաքրոն յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու ուղղութեամբ իրաւական աշխատանքներ տարուած են: