Այսօր միջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ “Թաու” տեսակի հրթիռներ արձակեցին Հալէպի հարաւարեւմտեան Զըրպէ շրջանին մէջ իրենց լրագրական աշխատանքը կատարող Սամա, Ալամ, Քաուսար եւ Իթթիճահ պատկերասփիւռային կայաններու թղթակիցներուն վրայ։ Վիրաւորուեցան մէկէ աւելի թղթակիցներ, որոնք անմիջապէս Հալէպի պետական համալսարանի հիւանդանոց տեղափոխուեցան։

Վիրաւորներուն մէջ էին Սամա-ի թղթակից Քինանա Ալուշը, Ալամ-ի թղթակից Տիաա Քատուրը եւ ուրիշներ։