Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սաստկացուց իր զինուորական գործողութիւնները Հալէպի արեւմտեան արուարձանէն Խալսա գիւղին մէջ, ուր կը գտնուին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կեդրոնները։ Բանակը դէմ դրաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու իրարայաջորդ յարձակումներուն, հրթիռակոծեց անոնց թաքստոցները եւ գիւղը ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առաւ։
Բանակը յառաջացաւ նաեւ Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղերուն մէջ, ուղղուելով դէպի Սարաքէպ եւ ազատագրեց Ինքըրաթի, Քէֆէրպաթիխ ռւ Քէֆէրտէտիխ գիւղերը։