Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինին` քորոնա ժահրի բռնկման պատճառով յառաջացած ողբերգական իրավիճակին համար:

«Համոզուած եմ, որ Ձեր ղեկավարութեամբ արդիւնաւէտ միջոցներ կը ձեռնարկուին համաճարակի կանխման եւ յաղթահարման համար: Այս դժուա պահուն Հայաստան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Չինաստանին», ըսուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Չինաստանի բարեկամ ժողովուրդին մաղթած է տոկունութիւն, իսկ հիւանդներուն` շուտափոյթ ապաքինում: