ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անընդունելի գտաւ Ազգային ժողովի յառաջիկայ արտակարգ նիստի օրակարգով առաջարկուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելը` շրջանցելով Սահմանադրական դատարանի վերահսկողական արգելքը:
«Ասիկա սահմանադրական կարգը տապալելու գործողութիւն է, որուն կրկին խորհուրդ չեմ տար դիմել: Գործող Սահմանադրութեան համաձայն, ժողովուրդի իշխանութիւնը կ՛իրականացուի ընտրութիւններու, հանրաքուէներու եւ սահմանադրական մարմիններու միջոցով, պետական իշխանութիւնը կը կիրարկուի օրէնսդիր, գործադիր, դատական իշխանութիւններու բաժանման եւ հաւասարակշռման սկզբունքի հիման վրայ: Հիմա այս երեք հաստատութիւններուն, օրէնսդիրի, գործադիրի եւ դատականի գծով, սահմանադիրը եւ մեր օրէնսդրութիւնը սահմանած է, թէ որո՛նք են արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեւերը: Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն, որոնք երկու ճամբով այս նոր Սահմանադրութեամբ կրնան իրականանալ` հանրաքուէով եւ Ազգային ժողովով, սահմանուած է, որ Սահմանադրական դատարանը ունի այդ սահմանադրական փոփոխութիւնները Սահմանադրութեան համապատասխանութեան գնահատման լիազօրութիւն: Այս լիազօրութիւնը կրնայ փոխուիլ միայն հանրաքուէով», շեշտեց Մինասեան:
Ա. Մինասեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ քաղաքական մեծամասնութիւնը` անտեսե՞լ այդ լիազօրութիւնը, ոչնչացնե՞լ Սահմանադրական դատարանի դերակատարութիւնը եւ միայն խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան միջոցո՞վ իրականացնել սահմանադրական մեծ հաշուով յեղաշրջում: «Ասիկա սահմանադրական կարգաւորումներու տեսակէտէն, իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի տեսակէտէն խիստ անընդունելի է: Ասիկա բռնատիրութեան ամէնէն կարճ ճամբան է», յայտնեց ան: