«Դրօշակ»ի անունը ծանօթ է հաւանաբար իւրաքանչիւր դաշնակցականի եւ շատ շատերուն` կուսակցութեան համակիրներէն: Այնպէս, որ եթէ նոյնիսկ այս վերածնունդը անակնկալ կարելի է համարել, ցանկալի եւ սպասուած անակնկալ մըն է:
«Դրօշակ»ը արտացոլած է Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդի պայքարն ու մաքառումը, «Դրօշակ»ը գաղափարական, քաղաքական յեղափոխական դրօշ եղած է քանի մը սերունդի նուիրեալներուն համար: Հետեւաբար եթէ «Դրօշակ»ը կը վերադառնայ, անկասկած բարոյական ու պատմական պատասխանատուութեան բեռի գիտակցումով եւ հայ ժողովուրդին անկեղծ ու գործնական նուիրումը շարունակելու պատասխանատուութեամբ: Ինչպէս կարելի է դատել պաշտօնաթերթի առաջին համարէն, «Դրօշակ»ի հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ պիտի ըլլան ազգային-գաղափարական հարցեր, տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական հիմնախնդիրներ եւ, ի հարկէ, առաջին կարգին Հայաստանն ու Արցախը, հայոց պատմական բնօրրանը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքը: Լոյս տեսած «Դրօշակ»ի էջերուն մէջ, որպէս ընթերցող, կը հանդիպինք Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն, ընկերային խնդիրներուն, երիտասարդութեան նիւթին` պատմական դէմքերու եւ դէպքերու:
arfd.am կայքէջը շնորհաւորելով «Դրօշակ»ի նոր երթը կը մաղթէ, որ ան ըլլայ սահուն ու անխափան, ի շահ հայութեան եւ հայոց պետականութիւններուն: Թող «Դրօշակ»ը յաջողութեամբ ծառայէ այն առաքելութեան, որուն համար լոյս աշխարհ եկած է: