«Էրմէնիհապեր».-Նախապէս հայ համայնքին պատկանած, սակայն հանրապետական շրջանին պետութեան կողմէն բռնագրաւուած «Սանասարեան խան» (Սանասարեան տուն) անշարժ գոյքի շուրջ զարգացումները կը շարունակուին:
Այժմ Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան հաշուեկշիռին մէջ գտնուող պատմական շէնքը 28 Յունուարին մրցութային կարգով 35 տարի ժամկէտով վարձակալութեան տրուած է մասնաւոր ընկերութեան մը՝ հակառակ, որ «Սանասարեան խան» սեփականութեան հարցը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը կը վիճարկէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանէն ներս:
Տեղի ունեցածին համար Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցում յղած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին:
Խորհրդարանի հայ պատգամաւորը հարցադիմումին մէջ նախ իր մտահոգութիւնները յայտնած է հայկական շէնքին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին, մասնաւորապէս շեշտելով, որ շէնքը յատկապէս ընկերութեան մը հիւրանոց դարձնելու նպատակով վարձակալութեան տրուած է այն պայմաններով, որ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը վիճարկուի Թուրքիոյ Սահմանադրութեան դատարանին մէջ: Ապա յիշեցուց, որ հասարակութեան մէջ հիմնաւոր մտահոգութիւններ կան առ այն, որ պատմական շէնքին համար կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ այն վերանորոգումը, որ պէտք է իրականանայ «Սանասարեան խան»ը հիւրանոց դարձնելու համար:
Փայլան հարցուցած է թուրք նախարարին, թէ արդեօք անոր ղեկավարած գերատեսչութիւնը պիտի հաստատէ շէնքի վարձակայութիւնը` նկատի առնելով ընթացքի մէջ գտնուող իրաւական գործընթացը:
Փայլան Էրսոյին հարցեր ուղղած է նաեւ վարձակալութեան մրցոյթը մամուլի համար փակ կատարելու պատճառներուն, մրցոյթին մէջ յաղթող ճանչցուած ընկերութեան առաջարկած պայմաններուն շուրջ, եւ թէ ինչ իրաւական յարաբերութիւններ կրնան ունենալ պատրիարքարանը եւ վարձակալութեան մրցոյթը շահած կազմակերպութիւնը, երբ դատարանը պատրիարքարանին վերադարձնէ «Սանասարեան խան»ին հանդէպ սեփականութեան իրաւունքները: