«Արցախփրէս».- Պարոնուհի Գարօլայն Քոքսը` ելոյթ ունենած է «Մոռցուած փախստականներ․ ի՞նչ կատարուած է Պաքուի հայերուն» համաժողովին, որ 5 Փետրուարին տեղի ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանէն ներս:
Ան յայտնած է.«Հայերու ցեղասպանութիւն իրականացուած է Պաքուի, Սումկայիթի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ ան պէտք ճանչնալ, որպէսզի նման բան անպատիժ չշարունակուի»:
Ան յիշեցուցած է, որ Արցախ այցելութիւններու պատճառով ինք կը գտնուի Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին մէջ»:
Համաժողովի ընթացքին ներկայացուած են Պաքուի փախստականներուն պատմութիւնները:
Պրիւքսէլի համալսարանի փրոֆէսոր Դաւիթ Պապաեւը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրախորհրդարանին հարթակ տրամադրելու համար, «որպէսզի արտայայտուի 1990թ․ Պաքուն ստիպողաբար լքած հայ փախստականներուն մասին մեր մտահոգութիւնը»:
«Այդ գազանութիւնները` բռնութիւնը, ահաբեկումը, բռնաբարութիւնը, սպանութիւնը եւ մարդոց ողջ-ողջ այրելը պէտք չէ անպատիժ մնան», աւելցուցած է ան:
Համաժողովը կազմակերպուած էր Պրիւքսէլի մէջ «Հայ Դատի» գրասենեակի եւ Եւրոմիութիւն Հայաստանի առաքելութեան կողմէ: