Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Սարաքէպի, Թալ Թոքանի մէջ քաղաքացիները պաշարող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն վերջին առիթ մը պիտի տայ զէնքերը վար առնելու եւ իրենց վիճակը կարգաւորելու համար:
Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ երկրին եւ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն ետ մղել զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները:
Աղբիւրը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիական Բանակին Հրամանատարութիւնը կը շեշտէ, որ թրքական բանակին ներկայութիւնը սուրիական հողերու վրայ ապօրինի է եւ թշնամական դրսեւորումի արտայայտութիւն կը համարուի: Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ դէմ պիտի դնէ թրքական բանակին կողմէ իրականացուող որեւէ յարձակումի»: