Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ի միջօրէին, Հալէպի Պետական Համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանէն ներս սկսաւ հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիրը: Ծրագրի առաջին փուլին մասնակցութիւն կը բերէին աւելի քան տասը ուսանողներ, վկայեալ մասնագէտներ:
Դասաւանդութիւնը կը կատարէ Համազգայինի Հայագիտական Հալէպի Հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան:
Դասընթացքի նպատակին եւ ընթացքին ծանօթանալու համար, «Գանձասար» հարցազրոյց ունեցաւ նախ Հալէպի Պետական Համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մուհամմէտ Խէյրիի հետ:
Դոկտ. Խէյրի ողջունելով հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիրին մեկնարկը ըսաւ.
«Ուսումնարանին առաքելութիւնը մարդասիրական է: Նպատակն է քաջալերել ազգային լեզուները: Այս ծրագիրը սկսաւ սոյն մեկնակէտէն, դասընթացքներու կազմակերպման առաջին քայլով: Հայերէն լեզուի դասընթացքին ընդունելութիւնը շատ լաւ էր: Առաջինն էր որ գործնականացաւ փաստօրէն: Ծրագրին երկրորդ նպատակն է լուսարձակի տակ առնել տուեալ լեզուները օգտագործող ազգերուն մշակոյթն ու պատմութիւնը, մեր հասարակութիւնը ծանօթացնել անոնց մշակոյթին եւ կարեւորութիւն ընծայել սուրիական ընկերութեան բազմագոյն խճանկարին: Սուրիական ընկերութիւնը հարուստ է, զանազան մշակոյթներ կը պարփակէ, սա մեր ընկերութեան առաւելութիւնն ու հարստութիւնն է»: 
Դասընթացքի մասնակից դատախազ Հալա Նաամի ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս առիթը ստեղծելնուդ համար: Կը մասնակցիմ, քանի որ մեր միջավայրին մէջ հայերուն թիւը մեծ է, ամուսինս ալ հայ է: Երկրորդ՝ նկատած եմ, որ հայերը որեւէ աշխատանք բծախնդիր մանրամասնութեամբ կ’իրականացնեն, ինչպիսի ոլորտի ալ վերաբերի ան: Ուստի կ’ուզեմ ծանօթանալ ձեր մշակոյթին, մտածելակերպին եւ այլն»:
 Փաստաբան Մէյսուն Ումար յայտնեց. «Ուզեցի սորվիլ հայերէնը  ինծի համար նոր, անծանօթ լեզու մը ըլլալուն պատճառով: Ես կը սիրեմ նորութիւնները: Երկրորդ՝ հայ ժողովուրդը աշխատասէր եւ ստեղծարար ժողովուրդ է: Սուրիոյ տագնապի օրերուն միշտ մեր կողքին էր նաեւ Հայաստանը, ես հայ ընկերուհիներ ալ ունիմ: Այս բոլորը զիս կը մղեն, որ սորվիմ հայերէն, ծանօթանամ հայ մշակոյթին»:
Հալէպի պետական համալսարանի լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի փոխտնօրէն Ռիմ Իսա ըսաւ.  «Ուրախ եմ հայերէնի ուսուցման ծրագիրին իրագործման համար: Հալէպի Պետական Համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանը հիմնուած է 9 Սեպտեմբեր 2000-ին, Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան 384 թուակիր որոշումին համաձայն: Ուսումնարանը կ’ընդգրկէ անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներու ուսուցման բաժին, կը գործեն նաեւ օտար լեզուներու եւ ազգային լեզուներու բաժինները: Օտար լեզուներու բաժինը կ’ընդգրկէ 7 լեզու, իսկ ազգային լեզուներու բաժինը, հիմնուած 2011-ին, ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մուհամմէտ Խէյրիի հովանաւորութեամբ, կ’ընդգրկէ հայերէն, քրտերէն, սիրիաններէն եւ ասորերէն լեզուները: Այս տարի Համալսարանի ղեկավարութենէն արտօնութիւն ստացանք վերակենդանացնելու ազգային լեզուներու բաժինը: Ահաւասիկ, առաջին անգամ ըլլալով,  Հալէպի Պետական Համալսարանէն ներս ընթացք կ’առնէ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը: 
Ուսումնարանին նպատակն է կենսունակ պահել օգտագործուող ազգային լեզուները, ինչպէս նաեւ բարձրացնել  օտար լեզուներու իմացութեան եւ ուսուցման մակարդակը, ուսումնական մեր հաստատութիւնները օժտել լեզուներու գիտակ մարդուժով եւ աշխուժացնել գործակցութիւնը լեզուներու ուսումնարանին եւ Հալէպի ուսումնական պետական եւ մասնաւոր հատուածի հաստատութիւններուն միջեւ»:
Այս առիթով, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեան ըսաւ. «Հալէպի պետական համալսարանէն ներս հայերէնի ուսուցման այս դասընթացքը գործնական արտայայտութիւնն է մեր լեզուին նկատմամբ, որպէս ազգային լեզու, Սուրիոյ պետութեան տածած յարգանքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի գոյութիւնը գնահատող քայլ է:
Գնահատելի նախաձեռնութիւն մը, որուն համար մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նախաձեռնող կողմերուն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մասնակիցներուն:
Նախապէս նման ծրագիր մը մշակուած էր, բայց գործնականացման փուլի չէր անցած:  Այսօր գործնական առաջին քայլն է որ կ’առնուի: Կը յուսանք որ այս քայլը  զարգանալով կը հասնի Հալէպի պետական համալսարանէն ներս հայագիտական ամպիոնի հիմնադրման ծրագիրին:

Այս աշխատանքը Սուրիոյ մէջ հայութեան վայելած յարգանքին արգասիքն է նաեւ»:

 

«Գանձասար»