Թուրքիոյ նախագահը տակաւին չըմբռնեց, որ միջազգային շահերու եւ տարածաշրջանային ժամանակաւոր տագնապներու վրայ լարախաղացութիւնը կայուն ձեռքբերումներ պիտի չշնորհէ իր երկրին եւ յատկապէս ծաւալապաշտ իշխանութեան:
Լիպիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղներու զօրակցելով, Լիպիոյ կազի հանքերը առաւելագոյնս օգտագործելու կարելիութիւններ որոնելով, Իտլիպի ահաբեկիչները Լիպիա ուղարկելով ու իր նպատակներուն ծառայեցնելու համար այնտեղ եւս ահաբեկչական շարժումը հրահրելով ու արաբական աշխարհը, այս պարագային Եգիպտոսի սահմանը եւս, ահաբեկիչներու թափանցման ենթակայ դարձնելով, Էրտողան իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած կը թուի ըլլալ քաղաքական դաշտին վրայ:
Սուրիոյ մէջ, սուրիական բանակին յառաջընթացը կանխելու եւ Հալէպի հարաւարեւմտեան արուարձաններուն մէջ կայք հաստատած ահաբեկիչները յարձակումներու մղելու Թուրքիոյ նախագահին նկրտումները ոչ մէկ ձեւով քողարկելի կը մնան Սուրիոյ պետութեան, ժողովուրդին եւ սուրիական բանակին համար: Նպատակը յստակ է այս պարագային եւս, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն պարտութեամբ ու նահանջով, Թուրքիա ոչ մէկ պատրուակ պիտի ունենայ Սուրիոյ տարածքին իր ապօրինի ներկայութիւնը պահելու համար, յատկապէս քրտական այսպէս կոչուած սպառնալիքին վերացումով:
Թրքական ուժերուն կողմէ Սարաքէպի եւ այլ շրջաններու մէջ, առանց ռուսական կողմին տեղեկութեան պահակակէտերու հաստատումը սուրիական բանակին կտրական պատասխանին արժանացաւ: Թուրքիոյ նախագահը ցարդ իր խոստումներէն ոչ մէկը յարգեց, ընդհակառակը՝ սուլթանական իր ախորժակը սրելու քաղաքականութեան տուրք կը շարունակէ տալ ու գրաւելով սուրիական տարածքներ, իր վերահսկողութեան տակ պահել զանոնք ու անոնց վրայ բնակող սուրիացի ժողովուրդը:
Թուրքիոյ սուրիական հողեր ներխուժելու նորագոյն պատրուակը Ատանայի համաձայնագիրն էր: Թուրքիոյ նախագահը այս անգամ փորձեց արդարացնել իր ուժերուն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջան ներխուժումը, իբրեւ Ատանայի համաձայնութեան շրջագիծին մէջ Թուրքիոյ անվտանգութեան պահպանման երաշխիք:
Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատասխանը յստակօրէն հնչեց արդարեւ:
Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահին ապատեղեկատուութիւնը, շեշտելով որ Ատանայի համաձայնագիրը չի սահմաներ թրքական ուժերուն Սուրիոյ տարածքներ թափանցումը նման խորութեամբ, իսկ Թուրքիոյ նախագահին անհիմն տեղեկութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ ան ոչ մէկ յարգանք կը տածէ Ասթանայի եւ Սոչիի համաձայնութիւններուն նկատմամբ: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ատանայի համաձայնութիւնը նախ եւ առաջ կը թելադրէ սուրիական պետութեան հետ համակարգուած աշխատանք, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած է, իսկ Թուրքիոյ նախագահը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի միակողմանի որոշումներ գոյացնելու:
Էրտողանի այս ոտնձգութիւններուն պատասխանը սուրիական բանակը պիտի արձանագրէ՝ քայլ առ քայլ ազատագրելով Թուրքիոյ հետ երկրին ողջ սահմանը:
«Գ.»