Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Մաարէթ Նոհման քաղաքը ականազերծելու ընթացքին քաղաքի հնագիտական թանգարանին տակ «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն պատկանող գետնուղի մը յայտնաբերեց: 1000 մերթ քառակուսի տարածութեամբ գետնուղին կը գործածուէր ահաբեկչական գործողութիւններ ղեկավարելու նպատակով:
Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ գետնուղին պատուած է սեմենթով, փորուած է երկրաչափական ուսումնասիրուած նորմերով եւ կ’ըդգրկէ աւելի քան 10 սենեակ:
Ահաբեկիչները զայն կ’օգտագործէին նաեւ առեւանգուած քաղաքացիները չարչարելու համար:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցուց, որ սուրիական բանակը Պապիլա ազատագրուած գիւղը ականազերծելու ընթացքին «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման կառուցած մէկ այլ գետնուղի մըն ալ յայտնաբերած է: