Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, BBC Arabic կայքը հաղորդեց, որ Արաբական Լիկան մերժեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յառաջացուցած «Դարու Գործարք»ը, յայտնելով, որ այդ մէկը Պաղեստինի մէջ խաղաղութեան հաստատման սպառնալիք է:
Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայութեամբ Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու գումարած արտակարգ ժողովի ընթացքին, Արաբական Լիկայի քարտուղար Ահմատ ապու Ղայզ ըսաւ. «Պաղեստինի ժողովուրդը կտրականապէս կը մերժէ «Դարու Գործարք»ը, որովհետեւ ան բռնատիրութեան յստակ դրսեւորում է»:
Իր կարգին Ապպաս ըսաւ. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը որոշում առաւ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները խզել այնքան ատեն, որ անոնք կ’արհամարհեն միջազգային օրէնքը եւ համաձայնութիւնները»: