Պահքը բարեպաշտական սովորութիւն է։ Անոր խորքին, նպատակին եւ կարեւորութեան մասին Աստուածաշունչ մատեանը եւ եկեղեցւոյ Ս. Հայրերը լուսաբանական բացատրութիւններ, խրատականներ, խորհրդածութիւններ եւ վկայութիւններ տուած են։ Այլ խօսքով, պահեցողութիւնը ապաշխարութեան հետ առնչուած է, աղօթական կեանքի անբաժան մասն է, ինքնաքննութեան նպաստող ազդու միջոց է, մեղքէն հրաժարելու եւ Աստուծոյ մօտենալու սրբաշող ուղի է։
Առաջաւորաց պահքը յատուկ է միայն Հայ եկեղեցւոյ։ Տօնացոյցին համաձայն, մեծ Պահքէն երեք շաբաթ առաջ կը նշուի Առաջաւորացը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք 65 օր Աւետարան կը քարոզէ ժողովուրդին եւ թագաւորին, ապա կը պատուիրէ հինգ օր ծոմ պահել, որպէս քրիստոնէական հաւատքը ընդգրկելու նախապատրաստութիւն, որմէ ետք կը մկրտէ Հայոց Տրդատ Գ. թագաւորը եւ բազմաթիւ նորադարձ հայորդիներ։ Այս մասին տեղեկութիւններ արձանագրուած են Ագաթանգեղոսի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի, Պօղոս Տարօնացիի եւ Մխիթար Գօշի գրութիւններուն մէջ։
Առաջաւոր կը նշանակէ գլխաւոր կամ առաջին գիծի վրայ գտնուող։
Պահոց օրերուն սուրբերու յիշատակում չի կատարուիր։ Ոմանք Առաջաւորաց Պահքը կը շփոթեն Ս. Սարգիսի տօնին հետ եւ թիւրիմացաբար կը կոչեն Ս. Սարգիսի պահք։ Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ սուրբերուն համար պահք սահմանելը օրինական չէ։ Հետեւաբար Ս. Սարգիսի նուիրուած պահք գոյութիւն չունի։ Հակառակ այս իրողութեան, շատերու համար «Առաջաւորաց Պահք» արտայայտութիւնը ծանօթ չէ, անոր փոխարէն պահքը կը վերագրեն Ս. Սարգիս Զօրավարին։ Սխալ տարակարծութիւն մը, որ մինչեւ օրս ընդհանրացած է։ Շատ հաւանաբար թիւրիմացութեան տուն տուող պատճառներէն է Ս. Սարգիսի տօնը, որ կը զուգադիպի Առաջաւորաց Պահոց շաբաթ օրը։
Առաջաւորաց Պահքը կը նկատուի Հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ սովորութիւնը, իբրեւ ազդարար մեծ պահքի եւ խորհրդանիշ Հայաստան աշխարհի հոգեւոր լուսաւորութեան։
Առաջաւորաց Պահքի ընթացքին Ս. Պատարագ չի մատուցուիր։ 5-րդ օրը՝ (Ուրբաթ) յիշատակումն է Յովնան մարգարէի քարոզութեան եւ Նինուէացիներու ապաշխարութեան, որ կը նկարագրէ ժողովուրդին դարձը որպէս աղօթքի եւ ծոմապահութեան խօսուն օրինակ։
Առաջաւորաց Պահքը ուխտի վերանորոգման բարեպատեհ առիթ է, որպէսզի քրիստոնեայ ըլլալու մեր կոչումին տէր կանգնինք, մեղքէն եւ մոլութիւններէն ձերբազատինք, շնորհքներով ծաղկինք, առաքինի կեանք ապրինք եւ հաստատուն հաւատքով Աստուծոյ հաճութիւնը շահինք։
Առաջաւորաց պահքին ընդմէջէն մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի նորադարձ Հայաստանի սքանչելի պատկերը, որով ողջ ազգի զաւակները Աստուած գիտութեան լոյսով պայծառացան, փրկութեան լուրով հրճուեցան եւ Սուրբ Հոգիով վերստին ծնան։
Քրիստոնէական հաւատքի ջահը մշտավառ պահեցին մեր հայրերը։ Անոնք հաւատարմութեամբ ընթացան։ Անոնց շնորհիւ արժանի եղանք հայ եկեղեցւոյ անխարդախ եւ հոգեշահ ուսուցումներով դաստիարակուիլ։
Պատիւ եւ պարծանք զգալու ենք, որովհետեւ առաքելահիմն հայ եկեղեցւոյ ընտանիքին հարազատ անդամը ըլլալու կոչուեցանք։
Առաջաւորաց Պահքով Քրիստոսի նկատմամբ մեր անքակտելի կապուածութիւնը եւ անվերապահ սէրը արտայայտելու ենք։
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կ’ըսէ. «Պահեցողութիւնը զէնք մըն է, որով կը կռուինք մեղքի ալիքներուն դէմ եւ կը ճամբորդենք դէպի երկինք»։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան