Տիրութիւն եզրոյթը շփոթի մատնած է ոմանք մեր միութենական միջավայրին մէջ: Միութեան մը, հաստատութեան մը տիրութիւն ընելը խնամատարութիւնն է, հոգատարութիւնը անոր նկատմամբ, ծառայելը անոր ու նոր ծառայողներ քաջալերելը, սակայն բառը իր զուտ բառարանային իմաստով միայն օգտագործողներ կ’ըլլան երբեմն ու իրենք զիրենք առյաւէտ տէրը կը համարեն այդ միութեան, հաստատութեան:
-Ե՛ս եմ տէրը, ե՛ս եմ խնամատարը, առանց իմ ներկայութեան անդունդ պիտի գլորի սա միութիւն կոչուածը,- կ’ըսեն ու կառչելով կը փարին իրենց պաշտօնին:
-Իսկ նորե՞րը, երիտասարդնե՞րը,- կը հարցնեն բարեկամները:
-Նո՞ր, նոր սերո՞ւնդ, ան բանէ բամպակէ տեղեակ չէ, դեռ շա՜տ հաց պանիր կ’ուզէ ինծի, մեզի հասնելու: Ե՛ս եմ կազմակերպիչը, ես գրիչը, ես ալ սրբիչը: Կը գրեմ ինչ որ կ’ուզեմ, ինչպէս որ կ’ուզեմ, կը սրբեմ գրուածներն ու կրկին կը գրեմ ի՛մը, ի՛մ գրիչով, ի՛մ ոճով: Ու միութիւնը կը վերածեմ սեփական թագաւորութեան: Եթէ այնտեղ եմ, թագաւորութիւնը իր փառքի օրերը կ’ապրի, եթէ այնտեղ չեմ, փուլ կու գայ, կ’աշխատիմ որ փուլ գայ: Ուրեմն վա՜յ ձեզի, եթէ այնտեղ չհաստատէք զիս հազար տարի, տարուէ տարի, մինչեւ որ արձանս կանգնեցնեն միութեան շէնքին դիմաց:
Այո, հազար տարի: Եթէ ծառայութիւններուս մասին գիրք մը հրատարակէին, հազար հատորն իսկ բաւարար պիտի չըլլար, իսկ սա երիտասարդ կոչուածները հազար տարուան կեանք պիտի խնդրէին Աստուծմէ ընթերցելու ծառայութեանս հազար հատորները:
Տիրութիւնը այս չէ՞ միթէ, տէր դառնալ, տիրոջ իրաւասութեամբ խօսիլ ու տէր-տէր պապայի պէս երթալ ու գալ նոյն տեղը, միութիւնն ալ պահել նոյն տեղը՝ հազարումէկ ձեռնարկներով նո՛յն տեղը, առանց քայլ մը առաջ առաջնորդելու զայն:
Ե՛ս եմ տէրը, ես՝ տիրողը, ինչ տիրութիւն առանց տիրելու, եթէ չըլլամ ու չտիրեմ, չեմ երեւիր այս կողմերը ու կը սպասեմ տէր դառնալու իմ նոր դերին:
Փշակն