Վերջին տարիներուն որքան մտահոգիչ դարձաւ սփիւռքահայ կարգ մը դպրոցներուն փակումը, նոյնքան եւ աւելի՛ մտահոգիչ էին այդ փակումներուն առիթով եղած անդրադարձները, մեծամասնութեամբ՝ ծայրայեղ եւ ժխտական:
Դպրոցներն ալ իրենց իւրայատուկ կեանքը ունին, անոնք ալ կը ծնին, կ’ապրին ու օր մըն ալ կը մեռնին, երբ զիրենք կենդանի պահող ու սնուցող ազդակը, իմա՝ աշակերտութիւնը, կը պակսի կամ կը չքանայ:
Տակաւին թարմ է մտքիս մէջ այն «մահազդը», որ տասնամեակներ առաջ հրապարակուեցաւ Հալէպի մէջ հայկական վարժարանի մը փակման առիթով: Ժողովուրդին համար կարեւոր չէր փակման պատճառը, կարեւորը՝ փակումն էր հաստատութեան մը, որ եկեղեցիին չափ սուրբ վայր մըն էր, եւ որուն համար մարդիկ իրենց հոգին տուին իրենց լումաներուն հետ:
Սակայն եւ այնպէս, յետեղեռնեան շրջանին հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններուն մէջ բացուած տասնեակներով դպրոցներէն շատեր օր մըն ալ փակեցին իրենց դռները, երբ շատ ընտանիքներ լքեցին գիւղերը եւ քաղաք հաստատուեցան:
Ըստ հաւաստի աղբիւրի մը, վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին սփիւռքահայ 226 դպրոց փակուած է աշխարհի զանազան հայագաղութներուն մէջ: Փակուելու վրայ են մէկ-երկու դպրոցներ ալ: Հեռու չերթանք, տակաւին քանի մը տարի առաջ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով ու շատ մը ընտանիքներու երկրէն հեռանալուն որպէս հետեւանք, Հալէպի ազգային չորս վարժարաններ իրենց դռները փակեցին եւ ամփոփուեցան մէկ վարժարանի մէջ: Նոյնը պատահեցաւ Պէյրութի մէջ ալ, թէ՛ ազգային վարժարանները թիւով վեց, իրար միացուցին, նորաշէն արդիական կառոյցի մը մէջ, թէ ալ ՀԲԸՄ-ի երեք վարժարանները միացան մէկ երդիքի տակ:
Պատճառները պարզ են, եթէ Սուրիոյ պարագային պատերազմն էր, Պէյրութի պարագային թէ՛ գաղթն է, թէ՛ հայկական վարժարաններու շատերուն համար անմատչելի բարձր ուսումնավճարներն են, որոնց վրայ գումարելի է շատ մը բարեկեցիկ ընտանիքներու նախընտրութիւնը օտար վարժարաններու, որպէս հետեւանք փառամոլութեան կամ ցուցամոլութեան:
Հայրենիքէն դուրս ապրող եօթը-ութը միլիոն հայերու դպրոցական տարիքի մանուկներուն եւ պատանիներուն շատ չնչին տոկոսը հայկական վարժարաններ կը յաճախէ. որոշ հաշուարկումով աւելի քան մէկ միլիոն աշակերտութեան միայն 25-30.000-ը հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ կը յաճախէ, այսինքն միմիայն 2,5%-ը… Ցաւալի տոկոս մը, որ ենթակայ է աւելի նուազելու գալիք տարիներուն:
Ժամանակի ընթացքին, գրեթէ բոլոր հայաշատ գաղութներուն մէջ ալ ազգային իշխանութեանց, միութիւններու կամ անհատ բարերարներու օժանդակութեամբ դպրոցներ բացուեցան, որովհետեւ հայապահպանման առաջին եւ ամենակարեւոր կռուանը հայ դպրոցն է: Սակայն, Միջին Արեւելքէն հեռու, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ գործող վարժարաններէն շրջանաւարտ եղողները որքանո՞վ կը պահպանեն իրենց հայկականութիւնը, լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը: Մերուա՞ծ են հայկական կեանքի մէջ, անդամակցա՞ծ են միութիւններու… Ա՛յս է կարեւորը:
Արեւմտեան երկիրներուն մէջ հայապահպանումը կը նմանի հսկայ, ալեկոծ ծովու մը մէջ մակոյկով թիավարելուն: Գործի ասպարէզի պահանջքներու, օտար ամուսնութիւններու, անծայրածիր գիտական, գեղարուեստական ու ընկերա-հասարակական նորութիւններով շրջապատուած միջավայրի մէջ դիւրի՞ն է ինքնութիւն պահել. գուցէ գիտակցութեան մէջ, գուցէ արմատներով, սակայն դժուար է լիովին ապրիլ ու գործել հայու դիմագիծ պահպանելով: Չկա՞ն պահպանողներ, հաւանաբար կա՛ն, բայց շատ չնչին տոկոսով, բացառութիւնները օրէնք չեն կազմեր:
Բնաւ թող չկարծուի, որ յուսահատութեան ու անձնատուութեան կոչ կ’ընեմ, բնա՛ւ, սակայն իրականութիւնը տեսնել ու չտեսնելու զարնելն ալ ներելի չէ:
Այնքան ատեն, որ հայրենիքէն դուրս ցրուած հայութիւն կայ, հայկական վարժարաններուն գոյութիւնը ողջունելի է, սակայն, երբ անոնք պարպուին, կծկուին, կամ փակուին, ծունկ չծեծենք, ոչ ալ փակողը այպանենք ու վարկաբեկիչ անուններով կոչենք: Ինչ խօսք, երբ դեռ հնարաւոր է բաց պահել, նոյնիսկ փոքր տոկոս հայ աշակերտութեան ի շահ, ամէն ինչ ընել ու դպրոցը բաց պահել, ինչպէս այսօր կը պահուին Հալէպի մէջ եւ այլուր:
Աւելի քան դար մը պահեցինք, պահպանեցինք մեր լեզուն, մեր հայկական ինքնութիւնը, գլխաւորաբար մեր դպրոցներուն շնորհիւ, իսկական սխրանք էր: Այդ դպրոցներէն շատ մը շրջանաւարտներ եղան ղեկավար տարրեր մեր ազգային, եկեղեցական, կրթական, մամուլի, գրականութեան, գիտութեան եւ արուեստի ասպարէզներուն մէջ: Ի պատիւ անոնց, յաջորդող սերունդներն ալ քալեցին անոնց ուղիէն, սակայն այսօր կացութիւնը նոյնը չէ. ժամանակի գործօնը բնական մաշումի ազդեցութեամբ իր աւերը կը գործէ: Համաշխարհայնացումն ու ներկայ աներեւակայելի հոսքով ընթացող արհեստագիտութիւնը շատ բաներ փոխեցին, այսօրուան հայ անհատը նախկինը չէ, չի կրնար պատմութեան լուսանցքին վրայ գոյատեւել: Ասիկա իրականութիւն է, չտեսնել, կամ չտեսնելու զարնել ու անտարբեր մնալ, պարզապէս վնասակար լճացումի կ’առաջնորդէ:
Այս բոլորէն ետք, եթէ արտերկրի մէջ դժուար է դպրոց, լեզու, ինքնութիւն պահել, փափաքողին համար Հայաստանը միակ փրկութիւնն է:
Յակոբ Միքայէլեան